ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Շաբաթ, 23 Մայիս 2009ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադրութեան 91ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի՝ հոգեւոր տեսուչ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ, նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:
ՀՄԸՄի տարազաւոր սկաուտները դրօշակներով մուտք գործեցին սրահ եւ Հայաստանի քայլերգով ձեռնարկին բացումը կատարեցին:
Ձեռնարկի հանդիսավար Մարիա Տօլմաճեան բացման խօսքը կատարելէ ետք բեմ հրաւիրեց Մարիա Քէօսէյեանը, որ փոխանցեց ՀՅԴ ԳԵՄի խօսքը:
Գեղարուեստական բաժինով, դաշնամուրի վրայ Լորիկ Թասլաքեան ներկայացուց Կոմիտասի «Գարուն ա» կտորը, ապա ՀՅԴ «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէի հերթապահ Հրայր Մանոյեան փոխանցեց Կոմիտէներուն խօսքը:
Սեւան Աբանեան մեկնաբանեց «Սարդարապատ» եւ «Քեզի Յարգանք ու Մեծարանք» երգերը՝ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:
Վերջապէս Մարիա Տօլմաճեան հակիրճ կենսագրական մը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ փոխանցեց օրուան պատգամը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած ձեռնարկի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի ՀՄԸՄ «Կամք» մարզասրահ՝ մասնակցելու համար սոյն առթիւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու կազմակերպած խնճոյք-խրախճանքին: