ԹՈՐՈՆԹՕ.- Մայիս 29, 2009ին, Թորոնթոյի հայութիւնը համախմբուած էր Հայ Երիտասարդական համալիրի Համազգային թատերասրահ՝ տօնելու համար Հայաստանի Ա. անկախութեան տարեդարձը:
«91 տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդը ճաշակեց հայրենիքի անկախութեան անուշ համը», իր խօսքին մէջ ըսաւ օրուան հանդիսավար Յովիկ Շարապխանեանը՝ ողջունելով Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչները եւ ժողովուրդը:
Արի Կարապետեան յուզմունքով արտասանեց «Մայիսի օր մը պայծառ» եւ արժանացաւ ջերմ ծափահարութեաններու: Հայաստանի եւ Քանատայի օրհներգերը, ինչպէս նաեւ երեք մարտաշունչ երգեր կատարեցին ՀՕՄի «Գոլոլեան» վարժարանի աշակերտուհիները, ապա Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկ»ը ասմունքեց Ռուբէն Ճանպազեանը: Երեկոյի նշանաբանն էր՝ «Անկախութիւն», որ նաեւ եղաւ երգիչ Յակոբ Բորբոսեանի կատարած երգերուն թեման:
Օրուան բանախօս Մ. Մկրտիչեան իր պատգամով ներկայացուց 1918 եւ 1991 թուականներու Հայաստանի անկախութեան հանգրուանները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումներուն:
Պատգամէն ետք, թմբուկներու առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու փողերախումբը, որ ոգեւորեց ժողովուրդը իր ներկայացուցած երգերուն կատարումով՝ առաջնորդութեամբ ղեկավար Վազգէն Գալճեանի:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները մասնակցեցան կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան: