ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 5 Յունիս 2009ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօնը «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի հասոյթով հրատարակուած առաջին հատորին՝ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
«Հայ բնակչութեան էթնոկրօնական վերակերպումները Թուրքիայի հանրապետութիւնում (1923-2005թթ.)» խորագիրը կրող գիրքին հեղինակն է իրանահայ Կարէն Խանլարեանը, որ զայն իբրեւ թէզ ներկայացուցած է՝ ստանալու համար պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան, ղեկավարութեամբ դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի:
Անթիլիասի մէջ կայացած սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներ, մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ մեթր Պապիկեանի երեք դուստրերը:
Գիրքը հանդիսականներուն ներկայացուց զայն հրատարակութեան պատրաստող Երուանդ Փամպուքեանը, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ անոր բովանդակութեան: Ե. Փամպուքեան խօսեցաւ նաեւ գիրքին այժմէականութեան ու արժէքին մասին, յատկապէս՝ ներկայիս Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան լոյսին տակ:
Հուսկ խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը՝ իր կարգին անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուած այս նախաձեռնութեան: Ան ոգեկոչեց յիշատակը մեթր Պապիկեանին, «Որուն նախասիրութիւններէն մին էր քաղաքական գիտութիւնը», ըսաւ վեհափառը՝ աւելցնելով, որ անոր փափաքով հաստատուած հիմնադրամը առաւելաբար պիտի հրատարակէ քաղաքական գիտութիւններու վերաբերող աշխատասիրութիւններ:
Նշենք, որ այս հիմնադրամը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը եւ յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով իր աշխատանքները կը վարէ՝ հրատարակութեան պատրաստելով նոր հատորներ: