ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ՝ Յունիս 11ի առաւօտեան, կայացած է Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի երդման արարողութիւնը, որ ընթացած է հանդիսաւոր պայմաններու մէջ, քաղաքապետարանի դահլիճէն ներս: Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր: Պէտք է նշել, որ միասնական քաղաքական ուժերէն «Օրինաց Երկիր»ը արարողութեան ներկայ էր միայն կառավարութեան անդամ նախարարներու մակարդակով, իսկ ՀԱԿ դաշինքը եւ «Ժառանգութիւն»ը ընդհանրապէս ներկայ չէին:
Երդման արարողութիւնը սկսած է Հայաստանի օրհներգով, որմէ ետք Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիներ՝ երաժշտահան Մարտին Վարդազարեան եւ դերասան Վլադիմիր Մսրեան նորընտիր քաղաքապետին յանձնած են մետալով շղթայ: Գագիկ Բեգլարեան Հայաստանի «Երեւանի մասին» օրէնքին վրայ երդուած է հաւատարմօրէն ծառայել քաղաքի բնակիչներուն՝ իր ողջ գործունէութիւնը ուղղորդելով քաղաքի բարորութեան եւ բարգաւաճման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով կուսակցութեան իր կողմնակիցներուն եւ ընտրողներուն՝ Գագիկ Բեգլարեան յայտարարած է, որ ինք ամէն բան պիտի ընէ՝ իրեն ցոյց տրուած վստահութիւնը արդարացնելու համար: Իր ելոյթը շարունակելով՝ ան յայտնած է. «Քաղաքի իրական տէրը ո՛չ քաղաքապետն է, ո՛չ էլ Աւագանիների խորհուրդը, այլ իրենք՝ երեւանցիները: Ես գիտեմ, որ մայրաքաղաքի բնակիչները մեծ սպասելիքներ ունեն քաղաքի ղեկավարութիւնից, եւ քաղաքի առջեւ բազմաթիւ խնդիրներ են ծառացել: Մենք մտադիր չենք դրանք առանց ուշադրութեան թողնել»։
Նշենք, որ Երեւանի քաղաքապետի երդման արարողակարգը սահմանուած է կառավարութեան որոշումով, սակայն երդման օրը այնտեղ եղած են որոշ փոփոխութիւններ: Արարողակարգը կը նախատեսէր, թէ նիստին կրնան ներկայ գտնուիլ փոխվարչապետը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդը, պետական, եկեղեցական, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ եւ Երեւանի աւագանիի անդամներ: Ելոյթի իրաւունք կ՛ընձեռնուէր փոխվարչապետին եւ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդին, սակայն կրնային հրապարակուիլ նաեւ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին ուղերձները:
Փոխարէնը, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը: Իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանը անձամբ ողջունած է նորընտիր քաղաքապետը եւ աւագանիի անդամները՝ յոյս յայտնելով, որ նուիրուած աշխատանքի պարագային, անոնք ի զօրու ըլլան լուծելու մայրաքաղաքին հիմնախնդիրները:
Նախագահը անդրադարձած է նաեւ աւագանիի ընտրութիւններուն, առանց սակայն յստակ գնահատականներ տալու: Ան ըսած է. «Այս ընտրութիւններն ուսանելի օրինակ էին, եւ մենք պարտաւոր ենք դասեր քաղել, պարտաւոր ենք յաջորդ մեծ նշանակութիւն ունեցող ընտրութիւններին գնալ կազմ ու պատրաստ, որպէսզի կարողանանք շատ լաւ ընտրութիւններ անցկացնել եւ ստանալ մեր ժողովրդի ու միջազգային հանրութեան գնահատականը՝ ոչ թէ հիմնականում, այլ մեծապէս կամ ամբողջովին համապատասխանող միջազգային չափանիշներին»: