ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ամերիկեան «ՄըքՏանըլտզ» ճաշարանի Ատրպէյճանի մասնաճիւղին տնօրէն Մաքսուտ Միրզայեւ յայտնած է, թէ ամերիկեան ընկերութիւնը առնուազն յառաջիկայ քանի մը տարիներուն չի ծրագրեր Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բանալ, «Երկրին մէջ քաղաքական ու ընկերատնտեսական կայունութեան բացակայութեան պատճառով»: Ան կը պնդէ, թէ կացութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է Ատրպէյճանի մէջ:
119 երկիրներու մէջ աւելի քան 31,000 ճաշարաններ ունեցող «ՄըքՏանըլտզ»ը Ատրպէյճանի մէջ կը գործէ 1999էն ի վեր: