ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Ողջունելով նախընտրական քարոզարշաւին տիրող մթնոլորտի որոշ բարելաւումները՝ յայտարարութեան հեղինակները մտահոգութիւն յայտնած են բուն ընտրութիւններու ընթացքին շուրջ՝ ըսելով, որ շատ ընտրողներ «չեն կրցած ազատ կերպով իրացնել իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները»:
Առաքելութիւնը կը փաստէ, որ ընտրարշաւի ընթացքին եղած են բռնութեան որոշ միջադէպեր՝ ընդդիմութեան կողմնակիցներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ իշխանական միասնական կառավարութեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Յայտարարութիւնը իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ հետաքննելու եւ քրէական հետապնդում իրականացնելու այդ հարցերուն շուրջ:
Յայտարարութեան հեղինակները միաժամանակ ողջունած են այն փաստը, որ կուսակցութիւնները «գործնականօրէն ազատ էին» հրապարակային հանդիպումներ եւ հանրահաւաքներ իրականացնելու, նաեւ իրենց ուղերձները ընտրողներուն ներկայացնելու գծով:
ԵԱՀԿ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը նշած է, որ քուէարկութեան գործընթացը «բոլորովին այլ պատկեր կը ներկայացնէ». ընտրութիւններուն օրը քուէարկութեան գործընթացը անցած է լայնատարած խախտումներով ու ահաբեկմամբ, սակայն այնուհանդերձ, անիկա կոչ ուղղած է ընդդիմութեան առաջնորդներուն ընդունելու աւագանիի իրենց մանդատները եւ Երեւանի կառավարման հարցերուն բերել իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը, ի շահ ՀՀ քաղաքացիներու ժողովրդավարական ձգտումներուն: