ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 17ին տեղի ունեցած է «Հազարամեակի մարտահրաւէր» հիմնադրամի «Հայաստան» ծրագրի կառավարման խորհուրդի հերթական նիստը, որ վարած է խորհուրդի նախագահ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, կառավարման խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ընկերութեան (ՀՄԿ) ներկայացուող յատկացման դիմումը եւ անոր կից փաստաթուղթերը, որոնք կ՛ընդգրկեն եռամսեայ նիւթական հաշուետուութիւնը, ամփոփ հաշուետուութիւնը եւ աշխատանքային այլ փաստաթուղթեր:
Կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արա Յովսէփեան նշած է, որ յատկացումներուն 12րդ դիմումով կը նախատեսուի գալիք եռամսեակին (Յուլիս-Սեպտեմբեր) համար, ՀՄԿ ընդհանուր վճարային համակարգի միջոցով ստանալ 8 միլիոն 723 հազար 632 տոլարի չափով գումար, որ յատկապէս պիտի ուղղուի ոռոգուող գիւղատնտեսութեան ենթածրագրի իրականացման եւ ծրագրի կառավարման ծախսերուն:
Համաձայն 2009ի Յունիս 10ին կայացած ՀՄԿ խորհուրդի նիստի որոշումին, կառավարութեան կողմէ յատկացուած միջոցներու սպառումէն ետք, ՀՄԿ չ՛ապահովեր ճանապարհաշինութեան առաջին ծրարով նախատեսուած աշխատանքներու իրականացման 70 միլիոն տոլարի գումարը: Կառավարման խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է նաեւ «ՀՄՀ-Հայաստան» ծրագրի ծիրէն ներս ընդգրկուած Արմաւիրի եւ Թալինի մայր ջրանցքներուն համար իրականացող շինարարական աշխատանքներուն կատարումը՝ Համաշխարհային դրամատան փոխանցելու եւ վեց մայր ջրանցքներու վերականգնման աշխատանքներու նոր ծաւալներուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը, գիւղական ճանապարհներու, ոռոգուող գիւղատնտեսութեան ենթածրագրերու եւ ջուրէն դէպի շուկայ բաղադրիչի իրականացման գործընթացներու որակական գնահատման պայմանագրերուն նախագիծերը: