ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յունիս 12ին, Հայ ազգային կոնգրէսի (ՀԱԿ) կողմէ հրաւիրուած հանրահաւաքին ընթացքին ներկաները ականատես եղած են Մատենադարանի հարթակ բարձրացող Հայաստանի պահպանողական կուսակցութեան նախագահ Միքայէլ Հայրապետեանի: Ան դուրս եկած է ընդյատակէն, ուր կը գտնուէր 2008ի մարտեան իրադարձութիւններէն ի վեր:
«Թերթ»ի հետ իր զրոյցին ընթացքին, Հայրապետեան ըսած է, որ երկրին մէջ ստեղծուած է լրջագոյն իրավիճակ, եւ ինք դուրս եկած է ընդյատակէն՝ իր բաժինը ներդնելու Շարժման գործին: Ան նաեւ յայտարարած է, որ վախի գործօն չկայ:
Միքայէլ Հայրապետեան խօսած է նաեւ համաներման մասին՝ յայտարարելով, որ ինք կարծիք չի յայտներ, որովհետեւ՝ «Մէկը լինէր, որ համաներողին համաներում տար»:
Նշենք, որ ՀԱԿը իր յաջորդ հանրահաւաքը ծրագրած է կազմակերպել Սեպտեմբեր 18ին: