ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած է, որ Մոսկուա պատրաստ է Վրաստանի հետ բանակցութիւնները վերսկսելու, եթէ վրացի ժողովուրդը նոր ղեկավարութիւն մը ընտրէ։ «Կը հաւատանք, թէ այս քաղաքական վարչակարգը ոճիր մը գործեց եւ անոր հետ հասարակաց որեւէ կապ պիտի չունենանք։ Եթէ վրացի ժողովուրդը Ռուսիոյ եւ վրացական պետութեան մօտիկ դրացիներուն՝ Հարաւային Օսէթիոյ եւ Աբխազիոյ ժողովուրդներուն հետ, բարեկամական երկխօսութիւն կատարելու կարող նոր ղեկավարութիւն մը ընտրէ, ապա կացութիւնը կրնայ փոխուիլ», ըսած է ան։
Կ’արժէ անդրադառնալ այս յայտարարութեան բուն իմաստին: Յեղաշրջումի՞ կոչ կ’ուղղէ Ուրսը:
Վրացիներն ալ կրնան նոյն բանը ըսել. ոճրագործ ձեր վարչակարգը շրջեցէք, այն ատեն սեղան պիտի նստինք հետերնիդ: