ՏՈՒՊԱՅ.- Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան, 28 Մայիս 2009ի երեկոյեան, Տուպայի «Քրաուն Փլազա» պանդոկի «Ճումէյրա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 91ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Աւելի քան 150 հայորդիներ ներկայ էին սոյն ձեռնարկին։ Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին այս առթիւ Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած երկու երգիչներ Մկրտիչ Մկրտչեանը (Մակիչ) եւ Դաւիթ Ամալեանը, որոնք ազգային ու յեղափոխական երգերով ճոխացուցին երեկոն։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վահագն Մելիքեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդը՝ յիշեցնելով այն զօրավարներուն անունները, որոնք իրենց զինուորական մասնագիտութեամբ ու հմտութեամբ, նաեւ հայ ժողովուրդի երկու հատուածներու միասնական ջանքերով կրցան կասեցնել թրքական բանակի յառաջխաղացումը, եւ 28 Մայիս, 1918ին հռչակեցին Հայաստանի անկախութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ հայոց բանակը, կեցցե՛ն երիտասարդ Հայաստանն ու Արցախը»։
Յայտագրի վերջին բաժինով դեսպան Վ. Մելիքեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները՝ սոյն տօնին առթիւ, գնահատեց օրուան երգիչները, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով, թէ «Այժմ նոյն միասնականութեամբ է, որ պէտք է կառուցենք մեր երկիրը՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ Հայաստանը պէտք է ընդունի իբրեւ իր հայրենիքը ու իր հողը»։