ԱՐԼԻՆԿԹԸՆ.- Կիրակի, Մայիս 17ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, կատարուեցաւ կոթողի մը պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Մէսէչուսէցի Արլինկթըն քաղաքի «Ճեֆըրսըն Քաթլըր Հաուս»ին մէջ, ի յիշատակ հանրածանօթ երաժիշտ Ալան Յովհաննէսի:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիսութիւնէն ետք, կատարուեցաւ յատուկ երաժշտական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Յովհաննէսի գործերուն: Երաժշտական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արլինկթընի «Թաուն Հոլ»ին մէջ: Մայէսթրօ Փասքուալէ Թասոնէի ղեկավարութեամբ ներկայացուեցան բազմաթիւ յօրինումներ, որոնց կարգին, առաջին անգամ ըլլալով՝ «Ձօն» գործը: Դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Անի Յովսէփեան եւ Մարթին Պերքոֆսքի: Այս վերջինը, որ եղած է Յովհաննէսի աշակերտը, արդէն իսկ իր ուսուցիչին յիշատակին համար կը կատարէ երկար վազքի եւ մագլցումի արշաւ մը: Նշենք, որ Յովհաննէսի համար լեռն ու գագաթը եղած են սրբավայր, մարդ էակին ու Աստծոյ միջեւ հանդիպման վայր մը:
Յովհաննէսի գործերէն մէկը կը կրէ «Մոնատնոք» անունը, որ նուիրուած է Նիւ Հէմշիր շրջանի նոյն անունը կրող լերան: Այս նոյն շրջանէն է, որ Պերքոֆսքիի արշաւին ազդանշանը տրուեցաւ:
Վերջին տարիներուն Սիէթըլ հաստատուած եւ հոն մահացած Ալըն Յովհաննէսը զաւակն է փրոֆ. Յարութիւն Չաքմաքճեանի, որ հեղինակն է հայերէն-անգլերէն առաջին բառարանին: