ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գրողներու տան մեծ դահլիճին մէջ Յուլիս 4ին պիտի կայանայ Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) 15րդ համագումարը:
Ըստ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի, համագումարը պիտի ունկնդրէ միութեան վարչութեան հաշուետուութիւնը՝ անցեալ չորս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքին մասին, նաեւ տեղի պիտի ունենայ ԳՄ ղեկավար կազմի ընտրութիւնը:
ՀԳՄը, շրջանային մասնաճիւղերուն հետ միասին ունի շուրջ 400 անդամ: