ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- 2009ի Մայիսէն ի վեր, չեխական «People In Need» կազմակերպութեան հայկական բաժանմունքը, հասարակական «Յոյս եւ օգնութիւն» կազմակերպութեան հետ համատեղ, ԵՄ նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրականացնէ «Իրազեկութեան արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձարցման եւ ՀՀ երեխաների թրաֆիկինգի կանխման մոբիլիզացուած ու կատարելագործուած համակարգի ստեղծում, համապատասխան ցանցերի ստեղծման օգնութեամբ» ծրագիրը:
Ծրագրին գլխաւոր նպատակներն են՝ պայքար մանկական թրաֆիկինգի (շահագործման-Խմբ.) եւ հետագային Հայաստանի մէջ անոր տարածման դէմ, ինչպէս նաեւ հասարակական ու քաղաքային հասարակութիւններու համագործակցութեան ամրապնդում եւ առկայ հնարաւորութիւններու օգտագործում՝ մանկական շահագործումը կանխելու համար:
Ծրագիրը պիտի իրագործուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ:
«Թրաֆիկինգի խնդիրը գոյութիւն ունի մեր հասարակութիւնում, յատկապէս, Հայաստանի մարզերուն մէջ, իսկ դրա պատճառը աղքատութիւնն է: Մենք պէտք է ամէն ինչ անենք՝ իրազեկելու համար մարդկանց եւ կանխելու համար այդ աղէտը», հաւաստած է ծրագրի համակարգող Գալուստ Նանեանը: