ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մերձեցումը պէտք է խթան հանդիսանայ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններուն համար, ըսած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնաժողովի ղեկավար, ժողովրդավար Ռապըրթ Վեքսլերը (Ֆլորիտա):
«Ամերիկան մեծապէս կարեւոր կը համարէ երկու գործընթացները, սակայն բոլոր կողմերը, յատկապէս՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, պէտք է խիզախութիւն դրսեւորեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին գծով», ըսած է քոնկրէսականը:
Եթէ տարածաշրջանը կայուն ըլլայ, իբրեւ հետեւանք՝ «կ՛աճի Հարաւային Կովկասի դերը միջազգային անվտանգութեան հարցին ուղղութամբ», ըսած է Վեքսլեր, որ ԱՄՆ եւ Թուրքիոյ միջեւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի համանախագահն է, կը հաղորդէ ատրպեճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը: