ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ՝ Յունիս 19ին, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայ Դատի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարած է, թէ «Թուրքիայի արտգործնախարարի յայտարարութիւններով չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պիտի բնորոշուեն: Եթէ թշնամական մօտեցումները Թուրքիայի կողմից իսկապէս վերացուած են, ապա փաստացի ապացոյցներ են պէտք, նուազագոյնը՝ շրջափակման վերացումը, իսկ շրջափակումը, միջազգային իրաւունքի համաձայն, ոչ թէ սառը պատերազմի, այլ պատերազմի միջոց է: Հետեւաբար, Տաւութօղլուի ասածները թուրքական դիւանագիտութեան հերթական ճարպիկութիւնն են»:
«Այլ խօսքով, Տաւութօղլուն սուտ է խօսում, ստախօս է: Իսկ պաշտօնական Երեւանը համարժէք պատասխան չի տուել, չի տալիս եւ, փաստօրէն, շարունակում է թոյլ տալ, որ տաւութօղլուները խօսեն նաեւ պաշտօնական Երեւանի անունից», աւելցուցած է դաշնակցական գործիչը:
Ըստ Կ. Մանոյեանի, Թուրքիան իր յայտարարութիւններով կը փորձէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, թէ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, մինչդեռ խորքին մէջ, անոնք փակուղի մտած են, քանի որ թրքական կողմը կը շարունակէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իր նախապայմանները առաջ տանիլ: «Իսկ պաշտօնական Երեւանը ոչ միայն չի ասում՝ վերջ այս բանակցութիւններին, որովհետեւ Թուրքիան շարունակում է խօսել նախապայմաններով, այլեւ թոյլ է տալիս, որ Թուրքիան ինչպէս ցանկանում է, այնպէս էլ մեկնաբանի իր արարքները», նշած է ան:
Անոր խօսքերով, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ սկսելով՝ Հայաստանը ինքնիրեն վերածած է ճնշումներու առարկայի եւ դարձած՝ խոցելի: Կ. Մանոյեան ուշադրութեան հրաւիրած է նաեւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի յայտարարութեան շուրջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման հարցին, ընդգծելով, որ ատով իսկ կը բաւարարուի թրքական կողմի երկրորդ պահանջքը:
«Համոզուած եմ, որ թուրքական դիւանագիտութիւնը կը գտնի մի հնարք մեր նախագահին՝ «խաղի մէջ պահելու» համար, այսինքն՝ չի բացառւում, որ մէկ-երկու օրով սահմանային անցակէտը բացուի, որպէսզի Հայաստանի նախագահը հիմք ունենայ ասելու, որ ինչ որ տեղաշարժ կայ, ուրեմն մենք մնում ենք բանակցութիւնների մէջ, բայց իրականում ոչ մի տեղաշարժ էլ չի լինի: Կարծում եմ, նախագահն այդպիսի վերաբերմունք կ՛ունենայ, որովհետեւ յայտարարել է արդէն, որ եթէ Թուրքիան բանակցութիւնները ձախողի, աշխարհն առնուազն տեսած կը լինի, որ Հայաստանը պատրաստ էր առանց նախապայմանների Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Այսինքն, Հայաստանը բանակցում է նաեւ աշխարհին ինչ որ բան ցոյց տալու համար, իսկ դա ինքնին արդէն դրական ոչինչ չի կարող խոստանալ», յայտնած է Կ. Մանոյեան:
Ապրիս Կիրոյ սիրելի
Տաւուտ օղլու սմսեղուկ աղպղպեղ պեխով նենգութիւն շնջող մարդանման մը զորս կը յիշեցնէ պապա ճան ըսուածը, ի դէպ կարելի չէ հասկնալ այդ փոփոխութեան իմաստը։ Նոյն սուլթանին խարդախ ձագերը։Ինչպէս այս մարդիկը արջար արածող խորունկ ասիայէն ելան եկան եւ կայսրութիւն հիմնեցին։ »Ասպարէզի« մէջ գրութիւն մը կար երէկ որուն ընթերցումը յոյժ օգտակար էր։
Կը խորհիմ թէ մեր ամիրանները իրենց դժխեմ դերը ունեցան օսմանեան ըսուած պետութեան կառուցումին մէջ…ափսոս…
Մինչեւ որ մեր ազգը տարրբաղադրուի վերջին հարիւր ամեակի ընթացքին
Պորոն Սիմոն Սիմոնեան կ՛ըսէր մեր մեծագոյն կորուստը եղան մեր հողերը մեր ոտքին տակէն քաշեցին մեր բազմահազարամեայ հայրենիքը։ Հիմա ճամբայ պիտի բանան եղեր….
Քուն եղիր բալաս…. առանց պայմանի կամ պայմաննով …գերագոյն խայտառակութեամբ… գործակցութեամբ անպատասխանատու մարդկանց որոնք գաղտնի կը պահեն եղեր քարտես ըսուած խախքութեան պարունակութիւնը
Բայց ո՞վ տուաւ իրենց այդ իրաւունքը զմեզ ծախլու թիւրքին
Կը գնահատեմ ա լա Յ.Օշական իրաւ տեսութիւնդ այդ կեղծաւոր նենգամիտ ասիացիներուն իկատմամբ
շարունա