ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Յունիս 20-21 աշխատանքային այցով կը մեկնի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ հրաւիրուած BRIDGE ARTSAKH տնտեսական համաժողովին մասնակցելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Այցելութեան ծիրէն ներս, կը նախատեսուի վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը ԼՂՀ կառավարութեան անդամներուն հետ:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, ելեւմուտի նախարար Տիգրան Դաւթեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերդեան, քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, փոխադրոթեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: