ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Յունիս 18ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան Առաջին տիկին Ասմա Ասատի եւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հանդիպումը: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Ա. տիկին Ռիթա Սարգսեանը եւ արտաքին գործոց նախարարին կինը՝ Նաթալիա Նալբանդեանը:
Հանդիպումը ունեցած է խորհրդատուական բնոյթ՝ նպատակ ունենալով, Սուրիոյ Ա. տիկնոջ խնդրանքով, ներկայացնել հիմնադրամի կառուցուածքը, գործելակերպն ու լաւագոյն փորձառութիւնը: Հիմնադրամի առաքելութեան մասին պատմող տեսաերիզի դիտումէն ետք, Արա Վարդանեան պատասխանած է Ա. տիկնոջ հարցերուն:
Ըստ Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ, Սուրիոյ մէջ կը բնակին շուրջ 18 միլիոն սուրիացիներ, եւս 15 միլիոն ալ սփռուած է աշխարհով մէկ: Անոր խօսքով, հայրենակիցները պարբերաբար ցանկութիւն կը յայտնեն ներդրումներ ընելու իրենց երկրի տնտեսութեան մէջ, որուն համար, առաջին տիկինը Սուրիոյ մէջ նմանատիպ հիմնադրամի մը դերակատարումը բարձր գնահատած է:
Հանդիպման աւարտին Ասմա Ասատ ցանկութիւն յայտնած է Արա Վարդանեանը հիւրընկալելու Սուրիոյ մէջ, եւ մանրամասնօրէն ծանօթանալու «Հայաստան» Համահայկական բարեգործական հիմնադրամի գործունէութեան առանձնայատկութիւններուն: