ՍՏԵԲԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Յունիս 19ին «Քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ կոռուպցիայի դէմ պայքարը» թեմայով համաժողովին ընթացքին, ելոյթով հանդէս եկած է Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ան այդ համաժողովի իրականացումը համարած է հրատապ եւ հիմնաւորուած:
«Պատճառը յիշեալ արատի՝ մեր երկրում վտանգաւոր չափերի հասնելը չէ: Ընդհակառակը, երեւոյթը մեզանում կրում է հատուածական բնոյթ, աչքի է ընկնում դրսեւորումների սակաւութեամբ եւ ծաւալների փոքրութեամբ:
Պատճառը մեր վերաբերմունքն է մի երեւոյթի նկատմամբ, որը ոտնահարում է պետութեան օրէնքները, խորթ է մեր արժեհամակարգին եւ բարոյականութեան վերաբերեալ պատկերացումներին», նշած է ԼՂՀ նախագահը:
Ըստ Բ. Սահակեանի, չարաշահումներու եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը բնորոշ է գրեթէ բոլոր պետութիւններուն, սակայն անիկա առանձնակի հնչեղութիւն կը ստանայ յատկապէս ԼՂՀի համար, որ կը շարունակէ ապրիլ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան իրողութիւններուն մէջ:
Բ. Սահակեան ըսած է, թէ, ինչպէս որեւէ բացասական երեւոյթի դէմ պայքարի մէջ, այս պարագային եւս քաղաքական կամքի առկայութիւնը պարտադիր նախապայման է բայց ոչ միակը: «Խնդիրը պահանջում է համալիր մօտեցումներ, համապատասխան իրաւական դաշտի ձեւաւորում եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովում: Յիշեալ ուղղութիւններով ձեռնարկել ենք անհրաժեշտ քայլեր, ինչպէս նաեւ սերտօրէն համագործակցել Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան, Սահմանադրական դատարանի եւ համապատասխան այլ կառոյցների հետ», նշած է նախագահը իր ելոյթին ընթացքին:
ԼՂՀ նախագահը նշած է, որ կաշառակերութեան դէմ իրականացուող քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, իրավիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է Ղարաբաղի դատական եւ իրաւապահ համակարգերուն մէջ, էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են ընկերային եւ կրթութեան ոլորտներուն եւ համալսարանական ընդունելութեան քննութիւններու կազմակերպման գործին մէջ: Որոշ տեղաշարժեր կան նաեւ առողջապահութեան ոլորտէն ներս:
«Առկայ պատկերը հնարաւորութիւն է տալիս խօսելու մեր երկրում կոռուպցիայի առանձին եւ ոչ թէ համակարգային դրսեւորումների մասին», աւելցուցած է Բ. Սահակեան՝ անհրաժեշտ նկատելով այս հարցին մէջ սկզբունքային դիրքորոշման որդեգրումը նաեւ հասարակութեան կողմէ:
Նախագահը իր ելոյթը եզրափակած է ըսելով. «Համոզուած եմ, որ համատեղ ուժերով եւ նպատակասլաց աշխատանքի շնորհիւ, հնարաւոր կը լինի զգալի արդիւնքների հասնել մեր պետութեան եւ ժողովրդի համար չափազանց կարեւոր այս հարցում»: