Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Հինգշաբթի, 25 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Լուսաւորի»չ երգչախումբը Կլէնտէյլի Փրեսպիթէրիըն եկեղեցւոյ մէջ (Հարվըրտ եւ Լուիզ փողոցներու խաչմերուկին) հանդէս պիտի գայ համերգով մը՝ ներկայացնելով հոգեւոր, ժողովրդային ու ազգային երգերու փունջ մը։ Ձեռնարկը կը վայելէ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։
«Լուսաւորի»չ երգչախումբը կը ներկայանայ երիտասարդ դիմագիծով եւ կազմուած է թեմի եկեղեցիներու երիտասարդական միութեանց երաժշտասէր անդամներէն։ Խմբավարն է Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Երգչախումբի կազմութեան ու նկարագրին մասին, ստորեւ կը ներկայացնենք առաջնորդ սրբազանին խօսքը, որ վեր կ՛առնէ այս երգչախումբին առաքելութիւնը.
«Մեր ժողովուրդի դարաւոր կեանքին մէջ, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին, հոգեմտաւոր սնունդ մատակարելու կողքին, եղած է մեր մշակոյթի տարբեր կալուածներու պահապանն ու զանոնք ծաղկեցնողը։ Մեր հոգեւոր հայրերն ու տաղանդաւոր արուեստագէտները՝ երաժիշտ, քանդակագործ, ծաղկող, մանրանկարիչ եւ այլք, Հայ եկեղեցին ունեցած են իբրեւ հովանաւոր ու քաջալերող, տաղանդ արժեւորող։
Երգն ու երաժշտութիւնը կարեւոր ու հիմնական բաժին ունեցած են մեր եկեղեցական ու ազգային արուեստներու ծաղկումին մէջ։ Այդպէս էր երէկ, այդպէս է նաեւ այսօր։ Վկայ՝ մեր եկեղեցիներու յարկին տակ գործող դպրաց դասերը, անոնց կողքին կազմուած անուանի երգչախումբերը. վկա՛յ նաեւ Ազգային Առաջնորդարանիս «Լուսաւորի»չ երգչախումբը։
Մեր հաւատացեալ հանրութեան համար նոր անուն մը չէ «Լուսաւորի»չ երգչախումբը։ Անիկա կազմուած էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակին առիթով։ Այսօր, անիկա մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ իւրայատուկ դիմագիծով՝ երիտասարդ կազմով։ Այսօրուան երգահանդէսը գործնական մէկ արտայայտութիւնն է այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց դիմած են Ազգ. առաջնորդարանս ու անոր հովանիին տակ գործող եկեղեցիներն ու երիտասարդական միութիւնները՝ ընդառաջելու համար Ս. աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, որ 2009 տարին հռչակած է ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։ «Լուսաւորի»չ երգչախումբը ահաւասիկ կը միանայ այն դրօշարշաւին, որուն ակնարկեցինք քիչ առաջ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը մեր երաժշտական մշակոյթին, իբրեւ մասնակիցը Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ առաքելութեան ու անոր մէկ մասնիկը եղող՝ Ազգային առաջնորդարանիս ծառայութեան։
Բարձր կը գնահատենք երգչախումբի ամէն մի անդամի նուիրումն ու նախանձախնդիր մօտեցումը այս գործին։ Գնահատանքի յատուկ խօսք ունինք մանաւանդ խմբավարին, մեր հոգեւոր եղբօր՝ հոգշ. Տ. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի, որ ի մի բերած է մեր երիտասարդական միութեանց երաժշտասէր անդամները եւ երկարաշունչ բայց հաճելի աշխատանքով, ահաւասիկ երգչախումբը կը ներկայացնէ մեր երաժշտասէր հանրութեան»։
Բարի վայելում, ու բարի երթ «Լուսաւորի»չ երգչախումբին»։
Տոմսեր կարելի է ապահովել՝ դիմելով առաջնորդարան (հեռ. 818-248-7737), կամ համերգին օրը՝ սրահի մուտքին։
Կարեւոր մանրամասնութիւն մը. համերգը յառաջաձգուած է մէկ օրով եւ փոխան 26 Յունիսի, տեղի պիտի ունենայ 25 Յունիսին։ Սպառած տոմսերը բնականաբար ի զօրու են։