ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կազմակերպած է Փինսթըն համալսարանի դոկտորական թեկնածու Արմոնտ Աղախանեանի ու շարք մը քոնկրէսականներու միջեւ հանդիպումներ, որոնք միաժամանակ նպաստաւոր պիտի ըլլան Աղախանեանի ուսման ու Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքնեերուն:
Արդարեւ, քաղաքական փորձառութիւն ապահովելու նպատակով դասընթացքին համար Աղախանեան աւելի քան երկվեցեակ հանդիպումներ ունեցաւ Քոնկրէսի անդամներուն եւ անոնց օգնականներուն հետ. ընթացքին ան շեշտը դրաւ յատկապէս Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին վրայ՝ պնդելով, թէ բանաձեւին վաւերացումը բարոյական ու պատմական հիմքեր ունի, միաժամանակ աւելցնելով, թէ նման քայլ մը մեծ կարեւորութիւն պիտի ունենայ ներկայ եւ ապագայ ցեղասպանութիւնները կասեցնելու կամ անոնց առաջքը առնելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց փորձերուն համար:
Հակառակ այն իրողութեան, որ թէ՛ հանրապետական եւ թէ՛ դեմոկրատ քոնկրէսականներ նեցուկ կը կանգնին այս բանաձեւին, ցարդ անոր վաւերացումը կարելի չէ եղած ապահովել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ամերիկեան իշխանութեանց վրայ բանեցուած ճնշումներուն հետեւանքով:
Աղախանեան հանդիպումներ ունեցաւ հետեւեալ քոնկրէսականներուն հետ. Լորա Ռիչըրստըն, Լինա Սանչէզ, Կէրի Միլըր, Ճան Քէմպըլ, Պրայըն Պիլպրէյ, Սուզէն Տէյվիս, Մայք Թամսըն եւ Տայան Ֆայնսթայն: