ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Թուտէյ.Ազ» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 19ին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ կուսակցութեան անդամներ Ծիծեռնակաբերդ այցելած են։ Այս ուղղութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Պասրի Պարութ յայտնած է. «Ասիկա կուսակցութեան ներկայացուցիչներու պաշտօնական այցելութիւն մը չէր։ Սակայն թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակած տեղեկութիւնները ճշմարիտ չեն։ Օրինակի համար, Մահմուտ Շէք, որ կ՛ըսուի, թէ կուսակցութեան անդամ է, իրականութեան մէջ ներկայիս կուսակցութեան հետ կապ չունի։ Նախապէս ան կուսակցութեան ղեկավարներէն էր, սակայն ներկայիս անոր հետ որեւէ կապ չունի»։
Ան նշած է, թէ «Տեղեկատուութեան մէջ նշուած անձերը Հայաստան այցելեցին, սակայն Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդ չայցելեցին։ Անոնք մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան եւ այս սուտ տեղեկութեան վերաբերեալ ճշմարտութիւնը պիտի յայտնեն։ Անոնք ինծի ըսին, թէ Ցեղասպանութեան յուշակոթողը չեն այցելած։ Անոնք Հայաստան ոչ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած են եւ իրենց այցելութիւնը կուսակցութեան կապելը ճիշդ չէ»:
Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով թրքական «Տողան» լրատու գործակալութենէն՝ մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ Իգտիր շրջանի ելեւմտական հարցերու տնօրէն եւ Իգտիրի մէջ Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներէն Մահմուտ Շէք, ինչպէս նաեւ իշխող կուսակցութեան անդամներու խումբ մը այցելած էին Հայաստանի զանազան վայրերը եւ Ծիծեռնակաբերդը՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու ի նպաստ արտայայտութիւններ կատարելով: