ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Ատրպէյճանի մտաւորականներու միաւորումը հնարաւոր կը համարէ հայ եւ ատրպէյճանցի մտաւորականներու համատեղ յանձնաժողովի կամ աւագանիի միութեան ստեղծումը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ ժողովրդական դիւանագիտութիւն իրականացնելու նպատակով:
«Երկու կողմերը պէտք է ջանքեր գործադրեն այդ խնդրի լուծման համար: Այդ խնդրի լուծման մէջ իր ներդրումը կրնայ ունենալ ոչ միայն մտաւորականութիւնը, այլ նաեւ անկեղծ, ժողովրդի շահերուն համար գործող մարդիկ, քանի որ այդ մարդիկ անկախ իրենց ազգութենէն, չեն ոտնահարէր արդարութիւնը», ըսած է միաւորման նախագահ Էլտանիզ Կուլիեւ:
Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի դեսպաններու նախաձեռնութեամբ, 2007ի Յունիս 28ին, երկու երկիրներու մտաւորականները այցելած էին Ստեփանակերտ, Երեւան ու Պաքու: Ատրպեճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Փոլատ Պիւլպիւլօղլի, Ֆարհատ Պատալպէյլի, Քեամալ Ապտուլլահ, Ազէր Փաշայ Նեմաթովն ու Իլհամ Ֆաթալիեւ: Հերթական այցելութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան Յուլիսին:
«Հակամարտութիւնը չի կրնար յաւերժ տեւել: Կան փախստականներ եւ բռնի տեղահանուածներ, որոնք կը տուժեն այս հակամարտութենէն», յայտնած է Կուլիեւ:
Անոր խօսքերով, եթէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնը կարելի չէ կարգաւորել, ապա ուրեմն մտաւորականութիւնն ու հանրութեան միւս գործօն անդամները պէտք է աւելի մեծ ջանքեր գործադրեն խնդիրի հանգուցալուծման համար: «Այդ պարագային հնարաւոր կ՛ըլլայ առաջընթացի հասնիլ», եզրափակած է ան՝ ըստ «Թրենտ» թերթի:
Ատրպէյճանի մտաւորականութեան շարժումը ստեղծուած է 2003 թուականին: 2007ին, անիկա արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ գրանցուած է իբրեւ Ատրպէյճանի մտաւորականութեան միաւորում: Կազմակերպութեան նպատակն է Ատրպէյճանի մտաւորականներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ընդդիմութեան ու իշխանութեան միջեւ հաշտութեան հաստատումը: