Յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէրի Եովանովիչին:
Հրապարակային ձեռնարկներու կամ նեղ շրջանակի մէջ բաւական մեծ թիւով լոսանճելըսահայեր առիթը պիտի ունենան զիրենք մտահոգող ու յուզող հարցեր ներկայացնելու տիկին դեսպանին:
Հայաստանի դէմ ծառացած քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրներով տագնապող հայորդիներուն համար հարցերու շրջանակը անշուշտ բաւական լայն է:
Նախագահ Օպամայի հայկական հարցերու վերաբերեալ ցարդ ցուցաբերած մօտեցումներէն կը բխին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին են՝
– Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, թէ՛ իբրեւ ծերակուտական եւ թէ՛ իբրեւ նախագահական թեկնածու խոստացուած յանձնառութիւնները մոռցուած են եւ քաղաքական այլ նկատառումներու զոհ դարձած: Ընդհակառակը, ամերիկեան կառավարութիւնը սկսած է ճնշում գործադրել Հայաստանի կառավարութեան վրայ՝ ստիպելու համար զայն ընդունիլ պատմաբաններու յանձնաժողովի մը կազմութեան գաղափարը, այսպիսով հարցականի տակ դնելով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
– ԱՄՆ Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին հանդէպ նախագահ Օպաման ու իր վարչակազմը վերաբերմունք չեն ճշդած: Ի՞նչ պիտի ըլլայ նախագահին դիրքորոշումը այս կապակցութեամբ: Որեւէ դրական քայլ կարելի՞ է ակնկալել:
– Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն գծով, Ամերիկա կը թերանայ այդ բանակցութիւնները առանց նախապայմանի յառաջ տանելու սկզբունքի պաշտպանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ չի հետապնդեր հարցի արագ կարգաւորման հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալու իր բարոյական պարտաւորութիւնը: Նման մօտեցումներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անուղղակիօրէն կը խրախուսէ Թուրքիան՝ խափանելու բնականոնացման բոլոր ճանապարհները: Արժեւորելով այս բանակցութեանց ներկայ սառեցուած վիճակը, ամերիկեան կառավարութիւնը կը ծրագրէ՞ որեւէ փոփոխութիւն մտցնել իր կեցուածքին մէջ ու աւելի պահանջկոտ ըլլալ Թուրքիոյ նկատմամբ:
– Ի՞նչ էին նախագահ Օպամայի հիմնաւորումները՝ Հայաստանի ու Ղարաբաղի տրամադրուելիք օժանդակութեանց նուազեցման ու միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի օժանդակութիւնները աւելցնելու առաջարկին մէջ: Հայաստանի վերաբերեալ առաջարկը բարեբախտաբար չէ հաստատուած Քոնկրէսի պիւտճէի յանձնաժողովին կողմէ: Նախագահ Օպամա պիտի փորձէ՞ ընդդիմանալ յանձնաժողովի առաջարկին ու պնդէ իր նախագիծին վրայ:
– Հազարամեակի մարտահրաւէր ծրագրի միջոցաւ հնարաւոր պիտի դառնար պայքարիլ Հայաստանի գիւղական շրջաններու աղքատութեան դէմ՝ արժանապատիւ կեանք ստեղծելով հարիւր հազարաւորներու: Ինչո՞ւ այս ծրագրի միջոցաւ տրամադրուելիք յատկացումները կը կրճատուին: Ո՞վ է, որ կը պատուի այդ մօտեցումէն, Հայաստանի կառավարութի՞ւնը, թէ գիւղի բնակչութիւնը:
– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ի վերջոյ իր կշիռը պիտի դնէ՞ նժարին վրայ՝ ապահովելու համար այդ շրջանի բնակչութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքները: Ինչո՞ւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները կը հանդուրժեն զիրենք ներկայացնող Մէթիու Պրայզայի անհասկնալի, հակասական, գայթակղութիւնն ու շփոթ յառաջացնող յայտարարութիւնները:
– Ինչո՞ւ ամերիկեան կառավարութիւնը անհարկի սեղմումներու կ՛ենթարկէ իր դիւանագիտական ու տնտեսական ներկայացուցիչները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապեր չստեղծելու ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ թոյլ չի տար, որ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ գործադրուին Ղարաբաղի մէջ՝ ամերիկեան միջոցներով ու դրամագլուխով:
– Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական յարաբերութիւններու ուղղութեամբ, ինչո՞ւ ամերիկեան կառավարութիւնը աւելի լայնածաւալ աշխատանքներ չի տանիր: Ի՞նչ սպասելիքներ կրնանք ունենալ այս ուղղութեամբ, մօտիկ ապագային:
– æաւախքի հարցով, ԱՄՆ ո՛չ տնտեսապէս կը փորձէ նպաստել այդ տարածքի զարգացման, ո՛չ ալ կը փորձէ վրացական իշխանութիւններուն մօտ աշխատանք տանիլ, որպէսզի անոնք դադրեցնեն հայ հասարակական գործիչներուն դէմ շղթայազերծած իրենց հալածանքները:
Այս հարցերու կողքին վստահ ենք, որ կան բազմաթիւ այլ հարցեր, զորս կ՛արժէ ուղղել դեսպան Եովանովիչին:
Միացէք մեզի՝ այս բոլոր հարցերուն պատասխանները պահանջելու դեսպանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Եթէ կարելի է միտք մը արտայայտել այն է թէ պետութիւնները ղեկավարող այսպէս ըսուած խորքային ուժերը չեն տարբերիր մէկը երկրէն միւսը
ի հարկէ միամտութիւն է նուազագոյն փոփոխոււթիւն մը յուսալ մէկ անհատէն միւսը։ Մեր պատմութիւնը ատոր ապացոյցը կը բերէ տեսնել փափաքող այրերուն
Այսինքն ում-պապա կամ այլ բացառձակապէս նոյնն է։
Ինչ ըսին բոլոր Ամն՛ի նախագահները Վուլսընէն ի վեր- անկէ առաջ Ամն արդէն գոյութիւն չ՛ուներ։
իսկ Յովազովիչը արժանի չէ բան մը ըսելու իր մասին։ վարձուած հաց որոնող պարզագոյն պաշտօնեայ էգ մըն է։ Ոչ առաւել։ Անկէ բան մը յուսալ ճամարտակութիւն է։
Իսկ պատմաբան ըսուած ձախողած մարդկանց արժէք տալ արդէն հինովին մեղաչում է, սխալէ մը աւելի մեր կողմէ։