ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանում գործադրւում է «Ծնողների ներգրաւման ծրագիրը», որը մտայղացուել եւ կազմակերպուել է ձեր կողմից։ Հիմնականում ի՞նչ նպատակով է ստեղծուել այդ ծրագիրը եւ ի՞նչ մանրամասնութիւններ կարող էք յայտնել ծրագրի մասին։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Այս ծրագիրը, որը կը կոչենք PIP (Parental Involvement Program) հիմնուեցաւ 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանին մեր վարժարանին մէջ։ Անցած տարիներուն մեր ծնողներէն շատերը նեցուկ կանգնած են մեր վարժարանին եւ անվերապահօրէն օգնած են իրենց մասնագիտական հնարաւորութիւններով, սակայն ուզեցինք այս ճիգը ընդհանրացնել ու բոլոր ծնողները գործի մղել։ Հետեւաբար ստեղծեցինք այս ծրագիրը, որուն համաձայն, իւրաքանչիւր ծնողք դպրոցէն ներս իր ներդրումը կ՛ունենայ 40 ժամուան կամաւոր աշխատանքով կամ համապատասխան նուիրատուութեամբ։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Ծնողները ի՞նչ կարգի աշխատանքներին են բերում իրենց մասնակցութիւնը։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Կրնամ ըսել, որ ծնողները իրենց մասնակցութիւնը բերին, որովհետեւ Յունիս ամիս ենք եւ կը բոլորենք տարեշրջանը։ Այդ եղաւ զանազան ձեւերով, ինչպէս՝ նախաճաշ վաճառել (Snack Shop), ճաշարանի մէջ աշակերտներուն ճաշ բաժնել, դասերէն ետք մարզական բաժնի մարզիչ (After School PE Coach) ըլլալ, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու վաճառք, մեր տարեկան մշակութային մեծ ձեռնարկին, վարժարանի պարահանդէսին եւ Գոհաբանութեան օրուան աշակերտական ճաշի պատրաստութեան, «Winter Wonder Land» մեր Դեկտեմբերի աշխատանքներուն, Մայիսի մեր մեծ Քարնիվալի ձեռնարկին, Մայիս 28ի առթիւ մեր կազմակերպած աշակերտական ճաշկերոյթին, ութերորդ աւարտական դասարանի տարեվերջի ճաշկերոյթ-պարահանդէսին, «Vegas Night» անուամբ երեկոյին օգնութեան եւ այլն։ Նաեւ յաճախ, երբ աշակերտները արտադասարանային պտոյտներ եւ գիտական այցելութիւններ ունեցան, ծնողները ընկերացան անոնց, իսկ անոնցմէ ոմանք վարժարան այցելելով՝ դասախօսեցին մեր աշակերտներուն իրենց մասնագիտութեան մասին։ Այս բոլոր աշխատանքներուն փոխարէն՝ ժամ կ՛ապահովեն։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իսկ արդեօք պայմա՞ն է, որ այդ ծնողները մաս կազմեն նաեւ վարժարանի Ծնողա-օժանդակ մարմինին։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Ո՛չ, պայման չէ։ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի բոլոր ծնողները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել «Ծնողներու ներգրաւման ծրագրին»։ Ինչպէս գիտէք, մեր վարժարանը ունի իր մասնաւոր կայքէջը, որուն միջոցաւ մենք կը յայտարարենք դպրոցական աշխատանքի կամ օգնութեան մեր կարիքները։ Ծնողները հետեւելով մեր կայքէջի ծանուցումին, կը կապուին մեզի հետ եւ կ՛արձանագրուին այս կամ այն աշխատանքին իրենց օժանդակութիւնը բերելու։ Երկու կամաւոր ծնողներ իրենց կարգին, տրամադրուած ժամերը համակարգիչին մէջ կ՛արձանագրեն, եւ այսպէս, իւրաքանչիւր ծնողքի տրամադրուած ժամերու հաշուեպատկերը կը պահպանուի։ Տարուան սկիզբը, երբ կը հաշուէինք ծնողներու տրամադրուելիք ժամերը, նախատեսեցինք 16,000 ժամ։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ այսօր այդ ժամերէն մնացած են 3000 ժամ միայն, որ կը խորհինք պիտի ամբողջանայ մինչեւ տարեվերջ։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Դպրոցական աշխատանքներում ծնողների ներգրաւման այս ծրագիրը ինչպիսի՞ ընդառաջում է գտել աշակերտների ծնողների կողմից։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Շատ նպաստաւոր։ Սկիզբը ծնողները շփոթած էին։ Անշուշտ, երբ որեւէ նոր ծրագիր կը սկսի, որոշ վերապահութիւն կը յառաջանայ անոր շուրջ։ Սակայն, մեր ծնողները երբ անդրադարձան, թէ ի՛նչ հրաշալի առիթներ կան, որոնց կրնան բերել իրենց մասնակցութիւնը, մեծ ոգեւորութեամբ ընդառաջեցին։ Մենք ալ մեր կարգին, քաջալերեցինք, որ իրենց զաւակներու վարժարանին օգտակար հանդիսանան։ Մեծ գնահատանքով կ՛արձանագրենք, որ մեր ծնողներէն շատերը իրենց 40 ժամերը ամբողջացնելէ ետք, օրեր ու շաբաթներ եկած եւ օգնած են մեզի՝ զանազան ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ յաջողցնելու համար։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իբրեւ այս ծրագրի նախաձեռնողն ու կազմկերպողը, ձեր կարծիքով այն ի՞նչ նորարարութիւն եւ առաւելութիւն բերեց դպրոցին, եւ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս էք արժեւորում ծրագրի արդիւնքները «Շամլեան» Ազգային վարժարանում։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Ես կը խորհիմ, որ այս ծրագիրը պատճառ եղաւ, որ կարգ մը ծնողներ, որոնք տարիներով առիթ չէին ունեցած գործակցելու մեզի հետ եւ օգտակար հանդիսանալու իրենց զաւակներու դպրոցական աշխատանքներուն, հնարաւորութիւն ունենան ներդրում ունենալու, եւ մենք ականատես եղանք նոր դէմքերու համագործացկութեան։ Աւելցնեմ, որ այս տարի մենք ունեցանք երկու անգամ գիրքերու տօնավաճառ, որոնց իրենց լայն օժանդակութիւնը բերին մեր ծնողները։ Անվարան կրնամ յայտարարել, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Ծնողներու ներգրաւման ծրագիրը», եւ այս յաջողութիւնը կը պարտինք մեր երկու ժրաջան ծնողներուն՝ տիկին Լիլիըն Արէճեանի եւ տիկին Լենա Մարգարեանի անխոնջ աշխատանքին, նաեւ Ռոպերթ Աբնուսին եւ Մարիէթ Քէշիշեանին՝ իրենց աջակցութեան համար։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ խօսքով կը ցանկանաք եզրափակել մեր հարցազրոյցը։
ՌԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- «Ծնողներու ներգրաւման ծրագիրը» արժանացաւ ծնողներու աննախընթաց մասնակցութեան, որուն համար կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել մեր բոլոր մասնակիցներուն։