ԿԱԼԿԱԹԱ.- Յունիս 15ին, ամառնային մէկամսեայ արձակուրդէ ետք կրկին վերաբացուեցաւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին դռները՝ վերսկսելու համար 2009-2010 նոր ուսումնական տարեշրջանը:
Ըլլալով սփիւռքի հնագոյն կրթօճախներէն մէկը, գտնուելով Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հովանիին տակ եւ վայելելով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի բարձր ուշադրութիւնը՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը կը շարունակէ կրթական գործունէութիւն ծաւալել հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ. անոր դռները միշտ բաց են ուսումնատենչ հայ աշակերտներուն համար:
Ներկայիս Հայոց մարդասիրական ճեմարանէն ներս կ՛ուսանին հնդկահայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Պարսկաստանէն ու Իրաքէն ժամանած հայորդիներ, որոնք հեռաւոր վայրերէ կու գան՝ գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու համար:
Այս տարի եւս Մարդասիրական ճեմարանը օժտուեցաւ Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած ուսուցչուհիներով:
Մարդասիրական Ճեմարանին կապուած գայթակղութիւնները յորդած են կարծեմ մամուլին մէջ:
Այդ ամէնուն վրայ՝ դպրոցը հայաստանցի ուսուցիչներով “կ’օժտուի”: Մնաս բարո՜վ ազգային մեր ուղղագրութիւն: