ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող Ճէյմզ Պրայսի ու Առնոլտ Թոյնպիի «Կապոյտ Գիրքը» գործին թրքերէն թագմանութիւնը յառաջիկայ շաբաթ միաժամանակ հրապարակ պիտի իջնէ Լոնտոնի եւ Անգարայի մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը 2005ին «քարոզչական հրատարակութիւն» որակած էր այս գործը եւ դիմած էր Բրիտանիոյ խորհրդարանին, որ նման քայլ մը առնէ: Բրիիտանիոյ խորհրադարնը 2006ին մերժեց Թուրքիոյ խորհրդարանին այդ դիմումը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել bluebook@gomidas.org հասցէին: