ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութիւնը 6 Ապրիլ 2009ին գումարած իր ժողովին մէջ որոշած է Վերա Թահմազեանը նշանակել տնօրէնուհի՝ Կիպրոսի «Նարեկ» Ազգային վարժարաններուն (Նիկոսիա, Լառնաքա, Լիմասոլ)։ Ան իր պաշտօնավարութիւնը պիտի ստանձնէ 1 Սեպտեմբեր 2009ին։ Հոգաբարձութիւնը կը հաստատէ, թէ զօրավիգ պիտի կանգնի Վերա Թահմազեանին՝ իր պատասխանատու եւ բարձր պաշտօնին մէջ եւ կ՛ակնկալէ, որ ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ քաջալեր հանդիսանան այս որոշումին եւ ցուցաբերեն այն անհրաժեշտ գործակցութիւնը, ինչ որ խթան պիտի հանդիսանայ Նարեկ վարժարաններու ուսումնական, կրթական եւ ազգային առաքելութեան յաջող կենսագործումին:
Նշենք, թէ Յունիս 17ի յետմիջօրէին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» Ազգային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ, Լիմասոլի եւ Լառնագայի «Նարեկ» վարժարաններու Միացեալ ամավերջի հանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Կիպրահայ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանին եւ նախագահութեամբ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
Վկայականներու բաշխումէն ու գեղարուեստական յայտագրի աւարտէն ետք, Կիպրահայ վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան բեմ բարձրանալով՝ գնահատանքի խօսք ուղղեց հանգստեան կոչուած տնօրէն Արթօ Այվազեանին եւ զայն պատուեց յուշանուէրով մը: