ԱԹԷՆՔ.- ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամներէն Խաժակ Ն. Պէրպէրեան, յաջողութեամբ աւարտելով Մ. Նահանգներու կրթական հեղինակաւոր հաստատութիւններէն Քորնէլ համալսարանի բարձրագոյն ուսման վեցամեայ շրջանը, տիրացած է Կենսաբժշկական ճարտարագիտութեան դոկտորայի (PHD in Biomedical Engineering) վկայականին։
Խաժակ Պէրպէրեան Ապրիլ 2009ին, Դոկտորականի քննիչ եռանդամ յանձնաժողովի մը առջեւ պաշտպանած է տարիներու վրայ երկարած գիտական իր հետազօտութեանց աւարտաճառը՝ արժանանալով դատակազմի բարձր գնահատանքին։ Աւարտաճառին նիւթն էր՝ «Առանձին բջիջներէն դէպի ուղեղ. Անդրփոխանցիչ արձակումի ելեկտրօ-քիմիական պատկերումը» (From Single Cells to the Brain: Electrochemical Imaging of Transmitter Release)։ Իսկ 24 Մայիս 2009ին, Քորնէլ համալսարանի աւարտական հանդէսին, Խաժակ ստացած է իր դոկտորայի վկայականը։
Ան ծնած է 1980ին, Լիբանան։ Անդրանիկ զաւակն է Նազարէթ եւ Էվա Պէրպէրեաններուն։ 1986ին ընտանեօք հաստատուած են Աթէնք, Յունաստան։ Նախակրթական ուսումը ստացած է Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանէն, ապա ուսումը շարունակած է Ազգային «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ յաճախած եւ աւարտած է Աթէնքի պետական 43րդ Լիգէոն՝ ապահովելով Լիգէոյի ընդհանուր նիշերու բարձրագոյն միջինը։
Ընդունուած է Աթէնքի Ազգային համալսարանի Բազմարուեստից կաճառի Ելեկտրոնիկ եւ համակարգչային ճարտարագիտութեան բաժանմունք, որմէ շրջանաւարտ եղած է 2002ին փայլուն արդիւնքով:
Յետաւարտական եւ մասնագիտական բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար, Խաժակ Պէրպէրեան արժանացած է Քորնէլ համալսարանի կրթաթոշակին եւ 2003ի աշնան միացած է ամերիկեան առաջատար սոյն համալսարանի Կենսաբժշկական ճարտարագիտութեան բաժանմունքին՝ իբրեւ դոկտորականի ուսանող, գիտաշխատող։ Աշխատած է փրոֆ. Մանֆրէտ Լինտաուի գիտաշխատանոցին մէջ, ուր զարգացուցած է հիւանդ բջիջներու վերակենդանացման համար օգտագործուող համակարգչային գործիքներու մտայղացման եւ պատրաստութեան իր մասնագիտութիւնը։ Տարիներու այդ հետազօտութեանց արդիւնքը եղած է Ապրիլ 2009ին իր պաշտպանած աւարտաճառը, որուն առ ի գնահատանք՝ ան արժանացած է կենսաբժշկական ճարտարագիտութեան դոկտորի տիտղոսին։
Ան իր ուսանողութեան եւ մասնագիտական բարձրագոյն ուսման շրջանին տիրացած է արժանաւորութեան մրցանակներու, ինչպէս՝ Յունաստանի արհեստագիտական պալատին կողմէ շնորհուած «Տարուան Լաւագոյն Ուսանող»ի մրցանակը, իսկ 2008ին եւ 2009ին, Ամերիկեան կենսաբնագիտութեան ընկերակցութեան կողմէ արժանացած է «Ուսանողական ճամբորդութեան» եւ «Ուսանողական հետազօտութեան Իրագործում»ի մրցանակներուն։
Մայիս 2009էն ի վեր, Խաժակ Պէրպէրեան միացած է համակարգչային աշխարհահռչակ «Ինթէլ» հաստատութեան արհեստագիտական արտադրանքի խումբին, անոր Միացեալ Նահանգներու Օրէկըն նահանգի Հիլզպորօ քաղաքի կեդրոնատեղիէն ներս։
Աթէնքի մէջ իր աշակերտութեան եւ ուսանողութեան տարիներուն, Խաժակ Պէրպէրեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է նաեւ ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութեանց կեանքին ու գործունէութեան։ Նոյնպէս Քորնէլի մէջ բարձրագոյն ուսման իր տարիներուն ընթացքին, գործօն մասնակցութիւն բերած է Քորնէլի հայոց միութենական կեանքին ու նախաձեռնութիւններուն։