ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայրերու օր մը հաստատելու գաղափարը վերջին հարիւրամեակին ժողովուրդներու ընկերային կեանքին մէջ դրական երեւոյթներէն դրուագ մըն է, նորութիւն մը։
Քսաներորդ դարու ընթացքին կարելի է թուել սկիզբ առած տօնելի բազմաթիւ այլ օրեր եւս, որոնք անկասկած արդիւնք են զարգացող ընկերութիւններու մէջ այնպիսի նախաձեռնութեանց, որոնց միտք բանին՝ նպատակը, համաժողովրդային գնահատումն է զանազան մարզերու մէջ հաւաքականութեան համար մարդկային ծառայութիւններուն. անոնց շարքին են՝ Ուսուցիչի օրը, Քարտուղարի օրը, Հիւանդապահներու օրը, Մեծ Հայրերու-Մեծ Մայրերու օրը (Grand Parents Day), եւ այլն։
Ակներեւ է, որ հետզհետէ առաւել եւս կը շեշտուի կարեւորութիւնը լայն շրջանակներով գնահատելու նման տարրերու ջանադրութիւնը. եւ այս բոլորը՝ երեւոյթներ եւ փաստեր, որոնք բնական կերպով կը տրամադրեն մեզ մտածելու, որ ընկերութիւնները իսկապէս կը դառնան աւելի՛ ուշադիր դէպի մարդկայինն ու անոր ծառայութիւնը։ Եւ այս՝ հակառակ անոր, որ շատ երկիրներու մէջ տակաւին առկայ կը մնան ժխտական եւ յոռի երեւոյթները, ինչպէս ընկերային, ներընտանեկան բռնութիւնները, ահաբեկչութիւնը, պատերազմները, ու նոյնիսկ կրկնուող ցեղասպանական ոճիրները…։
Հայրերու օրուան գաղափարը այժմ ընկալուած է լայն խաւերու կողմէ. այդ առնչութեամբ սակայն, մասնաւորենք հետեւեալը՝ փարատելու համար կասկածամտութիւնը այն մասին, որ արդեօ՞ք այս մէկն ալ ստեղծուած է առեւտրական շահարկումներու հեռանկարով. որովհետեւ, Մայրերու օրուան հիմնադիրը՝ Աննա Ժարվիս (Anna Jarvis) նկատի առած իր ճիգերով իրականացած Մայրերու օրուան տնտեսական-առեւտրական գետնի վրայ բազմատեսակ շահագործութիւնները, քանիցս դժգոհութիւն յայտնած է, որ ան՝ նուիրական օրը՝ շատերուն համար փոխած է իր նպատակը, իմաստը…
Այսուհանդերձ սակայն, ինչպէս Մայրերու Օրուան ազնուական գաղափարը շուքի տակ ձգած է նման երեւոյթները, որոնք կապուած են նիւթին եւ շուկայական հաշիւներուն, նոյնպէս եւ Հայրերու օրը եւ անոր տուն տուող զգացումներն ու մղումները, պէտք է հաստատել, որ խորապէս դրդուած են մարդկայնական բարոյական արժէքներէ եւ անոնցմով հարստացած՝ ան վեր կը մնայ ամէն տեսակ շահարկումներէ եւ երեւոյթներէ։
Հայրերու Օրուան Գաղափարը Եւ Նախաձեռնութիւններ
Կարճ անդրադարձ՝ թէ ինչպէ՞ս Հայրերու օրը սկիզբ առած է եւ թէ ինչպիսի՞ մտածումներով կեանքի վերածուած է ան։
Դրուագ Առաջին
1907ի Դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգին մէջ (West Virginia), Մոնանկա (Monongah) քաղաքին մերձակայքը կը պատահի հանքային պայթիւնային ծանր աղէտ։ Կը մահանան 361 անձեր, մեծ մասը՝ իտալացի գաղթականներ, աշխատաւորներ եւ անշուշտ՝ հայրեր:
Զգայուն աղջիկ մը՝ Կրէյս Կոլտըն Քլէյթըն, աղէտի տխուր ազդեցութեան տակ ապրելէ ետք յուզումնալից ամիսներ, կը դիմէ շրջանի եկեղեցւոյ քարոզիչին՝ խնդրելով, որ Կիրակի մը աղօթքն ու կարգը եկեղեցւոյ մէջ, որ այժմ կը կոչուի Central Unites Methodist Church, յատկացնէ աղէտեալներուն եւ հայրերու յիշատակին։
Խնդրանքը կը գործադրուի 1908ի Յունիս 5ին։ Պէտք է աւելցնել, որ բարի աղջկան՝ Կրէյսին մտքին մէջ, Հայրերուն մասնաւորուած օրուան գաղափարը այդ շրջանին առաւել եւս կը շեշտուի, երբ նոյն ատեն, իրենց մերձակայքը, 17 մղոն հեռաւորութեան վրայ Grafton-ի մէջ (West Virginia) տեղի կ՛ունենար Մայրերու օրուան առթիով հանդիսութիւն։ Կրէյս կը մտածէ. ինչո՞ւ ընտանիքին մէջ միայն Մայրերը ըլլան մեծարանքի երախտաւորները…
Դրուագ Երկրորդ
Ազնուական տիկին մը՝ Սոնորա Սմարթ Տոտ (Sonora Smart Dodd), որ խանդաղատանքով կը հետեւէր Մայրերու օրուան հանդիսութեանց, բարի նախանձ մը սրտին մէջ՝ կը մտածէ. ինչո՞ւ Մայրերու օրուան հիմնադիր Աննա Ժարվիսի օրինակով, իր կարգին ի՛նք եւս չհետապնդէ իրականացնելու համար Հայրերո՛ւն նուիրուած օր մը…։
Գաղափարը իրեն կը թելադրուի՝ իր մտքին մէջ ունենալով բազմանդամ հօրենական ընտանեկան կեանքը։
Արդարեւ, երբ իր մայրը մահացած էր, ինք եւ իր 5 եղբայրները եւ քոյրերը մնացեր էին բացառապէս իրենց հօրը խնամքին ենթակայ։ Հայրը՝ ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմի վեթերան Ուիլեըմ Ճեքսըն Սմարթ, (William Jackson Smart), իր ամբողջ կարելիութեամբ, լուռ ու մունջ կը լծուի իր զաւակներու խնամատարութեան, եւ տարիներ շարունակ անխոնջ նուիրումով, զոհողութիւններով կը յաջողի բոլոր զաւակները հասցնել պատուաւոր դիրքերով ապագայի մը։
Տիկին Սոնորան տրուած պայմաններուն մէջ յաւէտ երախտապարտութեան եւ անհուն սիրով լի հանդէպ իր հօրը, յաճախ ինքն իրեն հարց կու տայ. ինչո՞ւ հայրերն ալ չունենան մեծարանքի յատուկ օր այնպէս, ինչպէս մայրերը։ Եւ ուխտ մը կատարելու պէս, կը լծուի աշխատանքի՝ պաշտօնական եւ համազգային գետնի վրայ կայացնելու համար Հայրերուն օրը։
Այդ ոգիով, տիկինը կը յաջողցնէ հայրերուն նուիրուած առաջին հանդիսութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ 1910, Յունիս 19ին։
Այնուհետեւ, ձեռնարկին տուն տուող գաղափարն ու բարոյական արժէքները այնքան ժողովրդականութիւն կը գտնեն, որ շուտով նման ձեռնարկներ կը կրկնուին նահանգէ նահանգ, ամբողջ Ամերիկայի մէջ։
1926ին, Նիւ Եորքի մէջ կը կազմուի Հայրերու օրուան համար Ազգային յանձնախումբ։ 1956ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը կ՛իւրացնէ Հայրերու օր մը ունենալու առաջադրութիւնը եւ այդ՝ պաշտօնապէս կը գրանցէ։
1972ին, նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն ի վերջոյ կ՛օրինականացնէ Հայրերու օրը եւ զայն կը դասէ ազգային տօներու կարգին, նշելի՝ ամէն Յունիսի Երրորդ Կիրակիին։
Յիշեալ թուականէն սկսեալ կանոնաւորութեամբ, ինչպէս Մայրերու օրը, նաեւ Հայրերու օրը Միացեալ Նահանգներու մէջ, ժողովրդային կամ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ կ՛ընկալուի այն գիտակցութեամբ, որ հայրը արժանի է մասնաւոր ուշադրութեան եւ գնահատանքի, որովհերեւ կը ներկայացնէ բարոյական կարեւոր մէկ հիմնատարրը ընկերութեան ամէնէն նուիրական այն կորիզին, որ ընտանիքն է։
Ստորեւ՝ հանրային կարծիք արտայայտող ամերիկեան ժողովրդային աւանդութիւն մը, որուն խորքին մէջ խտացած պէտք է տեսնել ազնիւ ու առողջ նկարագրի յատկանիշներ, որոնց գումարով Աստուած արարած է Հայրը։
Աւանդութիւն
Անծանօթ հեղինակը կը յուշէ.
– Այն ժամանակ, երբ Աստուած զբաղած էր բարւոյն ստեղծագործութիւններով, աւանդաբար կը պատմուի հետեւեալը՝ ՀԱՅՐութեան մասին. թէ՝ Արարիչը
– Դիտեց ծառի մը վեհութիւնը,
– Հիացաւ լերան ամրութեան վրայ,
– Տեսաւ ամրան եղանակի արեւուն ջերմութիւնը,
– Խաղաղ ծովուն հանդարտութիւնը,
– Հողին եւ բնութեան բարիքներուն առատութիւնը,
– Գիշերուան հանգստութիւնը,
– Դարերուն իմաստութիւնը,
– Թռչող արծիւին զօրութիւնը,
– Գարնանային առաւօտներու ուրախութիւնը,
– Մանանեխի հատիկին հաւատքը,
– Յաւերժին համբերութիւնը,
– Ընտանիքի պէտքերուն խոր գիտակցութիւնը…։
Բաւարարուած՝ Աստուած նկատեց, որ ուրիշ աւելցնելիք բան չկար։ Ուստի, յիշեալ արժէքներն ու կեանքի յատկանիշները իրարու խառնեց եւ համոզուեցաւ, որ ամբողջացած էր իր արարումներու գլուխ-գործոցը. անունը դրաւ՝ ՀԱՅՐ։
* * *
Անկասկած հաճելի զգացում է մտածել Հայրերու օրուան մասին, որ կը նշանակէ լուսարձակի տակ առնել Հայրը, անոր ջանադրութիւնը եւ այն արժանիքներն ու յատկանիշները, որոնք կը մասնաւորեն զայն՝ իբրեւ գլուխ ընտանիքի եւ յանձնառու անոր բարօր կեցութեան։ Հայր՝ իբր հոգածու եւ պատասխանատու անձ, որուն մղիչ ուժը անանձնական սէրն է, անխօս զոհողութիւնները, կառուցողական գործը եւ հուսկ՝ հպարտ ու ազնիւ արժանաւորներ հասցնելը ի բաւարարութիւն եւ ի պատիւ թէ՛ ընտանեկան յարկին եւ թէ՛ յօգուտ պատկան իր մեծ ընկերութեան, որ ժողովուրդն է ու իր ազգը։
Բացայայտ է, որ բոլո՛ր ժողովուրդներուն ալ մօտ, բարձրօրէն գնահատուած է հայրութեան գաղափարը, որ նկատուած է թէ՛ արժանիք, թէ՛ պատիւ։
Արեւելքի երկիրներուն մէջ, առաւել եւս մեծարելու համար հայրական հանգամանքը, շրջապատը զայն փոխանակ կոչելու իր ընթացիկ անձնանունով, կը վերակոչէ հայրութեան փաստին, այսինքն՝ նորածինին հա՛յրը ըլլալու պատուանունով, այսպէս՝ «Ապու Հրայր», «Ապու Կայծակ»…, որ կը նշանակէ՝ Հրայրին կամ Կայծակին հայրը, եւ այլն։
Ժողովրդային այս գեղեցիկ սովորութեամբ քանի քանիներ յաճախ իրենց բուն անուններով մոռցուած՝ մնայուն կերպով վերակոչուած են իրենց ժառանգներուն անուններով՝ «Ապու Վարդան», «Ապու Սարգիս»…։
Հայրերու Օրը Միջազգային Կեանքին Մէջ
Հայրերը մեծարելու համար յատուկ օրուան մը գաղափարը ներկայիս ընդունուած եւ իւրացուած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Ասիայի բազմաթիւ երկիրներու եւ ժողովուրդներու կողմէ։ Ոմանց մօտ պաշտօնական բնոյթ ունի ան, իսկ ուրիշներու մօտ՝ ժողովրդային նախաձեռնութիւններու եւ տարբեր-տարբեր թուականներով։
Ի դէպ յայտնենք, որ կարգ մը երկիրներու մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին Հայրերու օրուան գաղափարը իւրացուցած՝ միաձուլած է սրբոյն Յովսէփին, կամ՝ Հայր Յովսէփին նուիրուած կրօնական տօնին հետ, որ կը զուգադիպի եւ կը տօնուի Մարտ 19ին։
Հայրերու Օրը Եւ Հայերը
Բնական է, որ Հայրերու օրը մուտք գործէր նաեւ հայ կեանքէն ներս։
Հայաստանի մէջ, գրանցուած կամ պաշտօնապէս ճշդուած Հայրերու օր չկայ։ Չէ եղած նաեւ արտերկրի հայկական ընկերային-մշակութային կեանքին մէջ։
Հայր իմացումը հայուն համար, կարծէք ունեցած է միայն խորքային բնոյթ։ Ան ակնածանքի, պատկառանքի, արդարադատութեան լուռ հնչեղութիւն է շրջապատին մէջ։ Հայը, իր անթիւ, բազմատեսակ տօներու կարգին, եթէ յատուկ օր, տօն ստեղծած չէ հօր համար, պէտք չէ հետեւցնել, որ անտեսումի արտայայտութիւն է կամ հետեւանք է անիկա։ Պատճառը՝ հայ կեանքի մէջ անոր նկատմամբ իւրայատուկ մօտեցումներն են եւ շեշտուած կերպով ընտանիքին մէջ անոր կեդրոնաձիգ ներկայութիւնը։
«Հայր» Բառը
Հայրը ընտանիքին կարեւոր մէկ անդամը ըլլալու իմաստէն անկախ, հայ լեզուամտածողութեան մէջ իր մէջ կը խտացնէ բազմազան այլ գաղափարներ եւ արժէքներ եւս:
Հայրը՝ խտացումն է նախնիներուն, նահապետներուն, հողին, ծննդավայրին, հայրենիքի գաղափարին, եւ այլն։ Կ՛ըսենք՝ մեր նախահայրերը, մեր հայրենիքը…։
Ժողովուրդը, յայտնի իր կրօնասիրութեամբ՝ իր Աստծոյն, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած պաշտօնեաները անխտիր կը կոչէ Հայր պատուանունով։ Պարզ քահանայէն մինչեւ բարձրագոյն կարգը զբաղեցնող կրօնականները, հայը Հա՛յր կը կոչէ. քահանայ հայրը, սրբազան հայրը, պատրիարք հայրը, վեհափառ հայրը, եւ այլն։
Վերջին դարերու հայոց պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը իր ամէնէն մեծ տիտղոսը, զոր շնորհած է ազգանուէր եւ ժողովրդական մեծ կրօնականին, այդ եղած է «Հայրիկ» անուանումը։ Հասկնալի է անշուշտ, որ խօսքը Ամենայն հայոց հայրապետ Մկրտիչ Խրիմեան կաթողիկոսին մասին է։
Ոչ մէկ շքանշան կրնար այդքան երկար ապրիլ եւ պահել արժէքը, որքան՝ անփոխարինելի «Հայրիկ»ը։
Հայ ժողովուրդը Հայր վերադիրով իր երախտագիտութիւնը հաստատած է ու պատուած իր ազգութեան եւ մշակոյթին ամենաբարձր ծառայութիւնը մատուցած Ոսկեդարու գրիչներէն՝ պատմագիր Մովսէս Խորենացին՝ զայն կոչելով մեր Պատմահայրը։ Արդար է եւ իրաւ, որովհետեւ ան է, որ բծախնդրօրէն ուսումնասիրած, գրած եւ մեզի աւանդած է հայ ժողովուրդի ազգային, ամբողջական եւ ճշգրիտ պատմութիւնը։
Այսուհանդերձ, վերոգրեալ մասնաւոր պարագաներէն անկախ, ուշագրաւ է, որ ժողովրդային կեանքին մէջ եւս, Հայրը միշտ նուիրական կամ սրբութեան մը համազօր իմացումով արտասանուած է։ Աշխարհի բոլոր ծագերուն, ամէնուրեք երբ մարդիք իրենց վճռորոշ եւ անսուտ խօսքը ըսելու համար կը վկայակոչեն իրենց կրօնի Սուրբ Գիրքը, հայ մարդը անոր համազօր կը վկայակոչէ Հօրը արեւը, Հօրը գերեզմանը…։ Արժէքներ, որոնք բացառապէս կ՛արտայայտեն հօր նկատմամբ հայ մարդուն կողմէ տածուած բարձր ու անչափ նուիրական հասկացողութիւնը։
Պէտք է հաստատել անպայման, որ «Հայր»ը յատուկ ուշադրութեան նիւթ է նաեւ Աստուածային պատգամներու մէջ.
– «Պատուէ՛ քու հայրդ եւ մայրդ, որպէսզի բարիք գտնես եւ որպէսզի բարութեան այս երկրին վրայ ապրիս երկար կեանք, զոր քու տէր Աստուածդ պիտի շնորհէ քեզի», (Ելից 20, 12):
«Հայր»ը եւ Հանճարեղ Հայ Բանաստեղծին Մտորումները
Հօր նկատմամբ մեծութիւնը կամ ակնածանքը, զոր ամէն մարդ որոշ չափով երախտագիտութեամբ կը զգայ, հրաշալիօրէն դրսեւորուած կը գտնենք մեր ժամանակներու անկրկնելի բանաստեղծ, ցեղասպանութեան զոհ Դանիէլ Վարուժանի մէկ քերթուածին մէջ։ Առանց մեկնաբանութեան, կու տանք քանի մը հատուածներ.
Հայր Օրհնէ՛
Հա՛յր, ես կ՛երթամ այն ճամբայէն, որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկորներուդ, ծեր սրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի…
Բաւական է.- աշխատեցար, կրեցիր.
Ամէն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է՝
Որ հոգւոյս մէջ կը յածի։
Հայր իմ, Օրհնէ՛, դողդոջ ձեռքերդ գլխուս դիր.
Թող մատներէդ կաթի վար
Աղօթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։
Վերջին ժամն է. օրհնէ՛ Հայր։
Հուսկ. հօր արժանաւորութիւնը մեր գիտակցութեան մէջ, Հայրերու օրուան գաղափարը, անկասկած կը դառնայ խիստ մարդկային ապրում։ Իսկ տօնախմբութեան միջոցառումը՝ որոշ կերպով նպաստ՝ ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ առաւել յարգանքի եւ ընտանեկան սիրոյ ամրակայման։