ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» թերթը, իր Երեքշաբթի, Յունիս 16ի թիւին մէջ, վերոյիշեալ խորագիրով լուրի մը մէջ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առաւ 15 հոգիէ բաղկացած խմբակի մը անդամները, որոնցմէ 13ը՝ հայ, իսկ երկուքը՝ վրացի։ Ձերբակալութիւնը կատարուած է հրեայ տարիքոտ կնոջ մը տունէն գողցուած թանկարժէք իրեղէններու կապակցութեամբ։ Ոստիկանութիւնը ստուգած է, թէ ձերբակալուած հայ կիները հայաստանցի են, որոնք Հայաստանէն Էտկար անունով անձէ մը ստացուած հրահանգներով կը գործէին։ Էտկարը պարբերաբար Պոլիս կու գար ու կը ճշդէր բազմաթիւ հայ ու հրեայ տարիքոտ կիներու հասցէները, այնուհետեւ, հրոսախումբի մաս կազմող կիները իբրեւ սպասուհի կը տեղաւորուէին յիշեալ կիներուն մօտ, թանկարժէք իրեղէնները գողնալու նպատակով: «Եթէ ճիշդ է այս լուրը, անկասկած խստիւ պիտի դատապարտենք այն հայաստանցիները, որոնք կու գան հոս ու այսպիսի արարքներով կ՛արատաւորեն հայուն անունը», կը գրէ թերթը:
Աշխարհիս երեսին երկիր մը չկայ, ուր ուրիշ երկրէ մը եկած հրոսախումբեր չգործէին:
Անհասկնալի է սակայն “Հայու անունը արատաւորել” արտայայտութիւնը թրքահայու մը բերնին մէջ: Հայերը սիրուած եւ յարգուած են եղեր ի Թուրքիա: