ՄԱՐԻՆԱ ՉԷՐՉԵԱՆ
Ուրբաթ, մէկ Մայիս 2009ի երեկոյեան, Մոնթեպէլլոյի գաղութը հաւաքուած էր Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» շքեղ սրահէն ներս՝ յարգանքի ու երախտիքի իրենց տուրքը մատուցելու հայ դպրոցի անդաստանէն ներս երկար տարիներու անխոնջ նուիրեալ, վաստակաշատ մշակ օրդ. Ռուբինա Բագրատունիին, որուն ոսուցչական ծառայութեան 50ամեակի տօնակատարութիւնը կը կազմակերպուէր։
Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Մեսրոպեան» Ազգ. վարժարանի կողմէ, կը վայելէր հովանաւորութիւնը թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուեցին ու կրկնակի փայլ տուին անոր Ազգային վարչութեան անդամ Լեւոն Կիրակոսեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Մակի Սարքունի, Բիքօ Րիվերայի քաղաքապետ Կրէյսի Կայեկոս, Ս. Խաչ Մայր տաճարի քահանաներ տէր Աշոտ Գամպուրեան եւ տէր Նարեկ Փեհլիւանեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Նայիրի» եւ «Անի» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ ու վարժարանիս Ուսումնական խորհուրդի անդամներ։
Օրուան հանդիսավար Ռոզա Մատոյեան, ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքէն ետք հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան մեծարեալը՝ Ռուբինա Բագրատունին, որ «Մեսրոպեան»ի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ զինուորագրուած է վարժարանի մեծ բանակին ու միշտ եղած է անոր նուիրեալ ու հաւատաւոր զինուորը։ Ռ. Մատոյեան Ռ. Բագրատունիի անձին ընդմէջէն վեր առաւ դպրութեան բոլոր մշակներուն եւ դաստիարակներուն առաքելութիւնը։
Ապա բեմ բարձրացաւ «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպան, որ պաշտօնական հիւրերն ու բոլոր ներկաները ողջունելէ ետք անդրադարձաւ նուիրումին այն բոլոր հայ մշակներուն, որոնք տարագրութեան մէջ ապրող մեր ժողովուրդին ներշնչման աղբիւրը հանդիսացած են։ Տիկին Սալիպա ըսաւ. «Հայ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին եղած են այն հոգատար հայրերն ու մայրերը, որոնք յաջորդական սերունդներուն փոխանցած են համամարդկային եւ մանաւանդ հայկական արժէքները»։ Իր խօսքի աւարտին Հ. Սալիպա յայտնեց. «Ես այսօր ձեզի հետ միասին մեծ երջանկութիւն մը կը վայելեմ՝ պատուելով, հայ ուսուցչուհի մը, օրդ. Ռուբինա Բագրատունին, որ յիսուն տարիներ շարունակ, իր դաստիարակութեան յանձնուած աշակերտներուն մտքերուն մէջ անջնջելի յիշատակներ դրոշմած է։ Այս իրիկուն, այս սրահին մէջ գտնուողներէն շատեր, իրենց առաջին այբբենարանը բոլորած են օրիորդ Բագրատունիի հսկողութեան տակ եւ իր օգնութեամբ, Մեսրոպեան 38 տառերով զինուած՝ բարձրացած են անոնք այս բեմին վրայ, զոր կը կոչենք կեանք։ Շատ յաճախ «Մեսրոպեան»ի եւ օրդ. Ռուբինայի անունները կը նոյնանան եւ համազօր արժէք կը ստանան մեր մտքերուն մէջ, քանի որ ան «Մեսրոպեան»ի անբաժան մէկ մասնիկը եղած է ու կը շարունակէ մնալ։ Որքան ատեն, որ «Մեսրոպեան»ը կը գոյատեւէ, իր պատերէն ընդմիշտ պիտի լսուի Ռուբինա Բագրատունիի՝ «Մեսրոպեան»ի առաջին եւ նուիրեալ ուսուցչուհիի ձայնին արձագանգը»։
Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ Վիգէն Բագրատունին, որ իր ջերմ ու սրտառուչ խօսքը փոխանցեց մեծարեալին. ան օրիորդ Բագրատունիի նախկին աշակերտը ըլլալէ անդին, նաեւ անոր եղբօրորդին է։
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Բիքօ Րիվերայի քաղաքապետ Կրէսի Կայեկոս եւ «Մեսրոպեան»ի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Նուրեան։ Հասած էր ձեռնարկին խորհրդաւոր պահը։ Բեմ բարձրացաւ առաջնորդ սրբազան հայրը ու հրաւիրեց ժողովուրդը յոտընկայս ունկնդրելու Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը, որ ընթերցուեցաւ քահանայ հօր կողմէ։ Սոյն կոնդակով Արամ վեհափառ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան կը շնորհէ Ռուբինա Բագրատունիին, ուսուցչական ծառայութեան յիսնամեակին առիթով։ Յուզիչ ու յիշատակելի եղաւ այն պահը բոլորիս համար, եւ ի մասնաւորի մեծարեալին համար, երբ սրբազան հայրը շքանշանը զետեղեց անոր կուրծքին, ինչ որ արժանավայել պսակումը եղաւ երկար տարիներու իր անխոնջ վաստակին ու ազգանուէր ծառայութեան։
Ռ. Բագրատունիի շուրջ հաւաքուած էին իր հարազատները, ընտանեկան պարագաները, անցեալի պաշտօնակիցներն ու սրահին մէջ գտնուող բոլոր աշակերտները, որոնք եկած էին անխառն ուրախութեամբ մասնակցելու իրենց Մանկապարտէզի երբեմնի ուսուցչուհիի մեծարանքի երեկոյին։ Ապա Ռուբինա Բագրատունի յայտարարեց, թէ այդ իրիկուն սրահին մէջ կը գտնուէին նաեւ քիչեր, որոնք ուղիղ 50 տարիներ առաջ, եղած էին իր առաջին աշակերտներէն, Պէյրութի Ազգ. Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս, ու թնդացող ծափահարութիւններով բեմ բարձրացան Զեփիւռ Ալեքսանեան, Հուրի Թորիկեան եւ Սեւակ Բագրատունի։ Իր առաջին աշակերտներուն ներկայութիւնը յուզումնախառն ալիքով ողողեց կուրծքը ալեհեր օրիորդին, որ թաց աչքերով ու խեղդուած ձայնով արտասանեց իր սրտին խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իր կրթական ծառայութեան երկար ճանապարհին վրայ, բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած են իրեն ու նեցուկ կանգնած՝ դժուարութիւններու ժամանակ։
Ապա մեծարանքի երեկոյին կազմակերպիչ յանձնախումբը ցուցադրեց տեսաերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէր յիշատակի նկարներ Ռուբինա Բագրատունիի «Մեսրոպեան» վարժարանէն ներս ունեցած կեանքէն։
Պաշտօնական բաժինի աւարտին, երեկոն ճոխացուց երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեանը:
Հուսկ, վարժարանիս Ուսումնական մարմինի ատենապետ Սարգիս Նուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այդ գիշեր պարտաճանաչօրէն առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարեցին ի նպաստ վարժարանին։