ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 22ի շուրջ կէս գիշերին, Արմաւիր-Էջմիածին ճանապարհին վրայ, գերազանցելով սահմանուած արագութիւնը՝ մայթեզրի ծառերուն զարնուելով ձոր գլտորուած է այն ինքնաշարժը, որուն մէջ էին «Որոգայթ» հեռուստաշարի դերասաններ Գեղամ Ղանդիլեանն (Գոքոր) ու Արամ Միսկարեանը (Գարիկ), որոնք մահացած են տեղւոյն վրայ, իսկ Էդգար Տէր Աբրահամեանը՝ զանազան վնասուածքներով տեղափոխուած է Էջմիածինի հիւանդանոց, ուր կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ:
Արկածին առիթով քրէական գործ յարուցուած է ոստիկանութեան Էջմիածինի բաժնին մէջ: