ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի կողմէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր խումբին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ պաշտօնապէս տարածուած փաստաթուղթ չկայ: ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեան, անդրադառնալով այն տեղեկատուութեան, ըստ որուն, իբր թէ ՄԱԿի Գլխաւոր խումբին մէջ Ատրպէյճան կը պատրաստուի բանաձեւը շրջանառութեան մէջ դնելու՝ նշեց, որ ԼՂ հարցի առնչութեամբ ՄԱԿի մէջ աշխուժութիւն չկայ, եւ քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն մակարդակով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ, ապա նշեալ կառոյցին մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը տակաւին քայլերու չէ ձեռնարկած:
Ա. Մարտիրոսեանի խօսքերով, ԼՂ հարցը կը քննարկուի Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, ուստի ձեւաչափի փոփոխման անհրաժեշտութիւն չկայ: