ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջին քաշային կարգի մէջ, IBF վարկածով աշխարհի հայազգի ախոյեան Արթուր Աբրահամ եւ թուրք բռնցքամարտիկ Մահիր Օրալ, Յունիս 27ին անոնց միջեւ կայանալիք մենամարտէն առաջ, բաց մարզում կատարած են Պերլինի «Alex-Springer» մարզահամալիրին մէջ: Մարզումներէն ետք Ա. Աբրահամ յայտարարած է, որ մրցակիցը շատ վտանգաւոր է։ Ա. Աբրահամի մարզիչ Ուլի Վէկներ նշած է, որ յառաջիկայ մենամարտին Արթուրին յաջողութեան առիթը շատ մեծ է:
Թուրք բռնցքամարտիկն ալ իր հերթին նշած է, որ այժմ կը գտնուի լաւագոյն մարզավիճակի մէջ եւ պատրաստ է մրցակիցէն խլելու ախոյեանական գօտին:
«Աւելի լաւ պատրաստուիլ պարզապէս չէի կրնար: Անկախ մենամարտի ելքէն, ոչ մէկ արդարացում չեմ փնտռեր: Պատրաստ եմ 12 «ռաունտ»է բաղկացած մենամարտին: Վստահ եմ, որ եթէ մարտը երկարի, ապա վերջին արդիւնքին ես պիտի յաղթեմ: Վստահ եմ նաեւ, որ պիտի յաջողիմ Աբրահամին զրկել ախոյեանութենէն: Լսած եմ, որ ինծի հետ մրցամարտէն ետք, ան կը փափաքի տեղափոխուիլ երկրորդ միջին քաշային կարգ, ուստի այս քաշային կարգին կոչումը անոր այլեւս պէտք չէ: Ես, Արթուրէն բացի, ոչ մէկ այլ խնդիր ունիմ», ըսած է Մ. Օրալ:
Օրալի մարզիչ Հանս Իւրկէն Վիթթէնի խօսքով, իրենք կը հասկնան, որ Մահիրը յետնապահի կարգավիճակ ունի: «Սակայն կեանքիս ընթացին հանդիպած եմ շատ յետնապահներու, որոնք յաղթած են արքաներու: Կը մնայ միայն սպասել մենամարտին եւ հետեւիլ, թէ ինչպիսի՛ իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան ռինկին (հարթակին) վրայ», եզրափակած է ան։