ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Կանաչներու կուսակցութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ կը պաշտպանէ ժողովրդավարական դիւանագիտութիւնը: «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել յստակ քայլերու: Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը քայլերէն մէկն է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ճանապարհին: Բայց այդ հանդիպումները պէտք է ըլլան ոչ թէ ինքնանպատակ, այլ՝ միտուած՝ յստակ արդիւնքներու հասնելու», յայտարարած է Կանաչներու կուսակցութեան նախագահ Մայիս Կիւլալիեւ, Յունիս 24ին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին:
Ըստ անոր, հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հասարակայնութիւնը պէտք է մերձենայ: «Փոխադարձ հանդիպումները մերձեցման կամուրջներ են: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մտաւորականները նոյնիսկ կրնան համաձայնիլ փոխադարձ թշնամանքի քարոզչութենէն հրաժարելու շուրջ», նշած է կուսակցապետը: