Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անդամներէն դոկտ. Ճէք Հաչիկեանի ծննդեան 80ամեակին առթիւ, անոր փեսան՝ Ռապըրթ Տէյ եւ դուստրը՝ Նինա Հաչիկեան-Տէյ 50,000 տոլար նուիրեցին առաջնորդարանին՝ ի նպաստ Մայր տաճարի կառուցման ծախսերուն:
Դոկտ. Հաչիկեան ծնած է Փէթըրսըն (Նիւ Ճըրզի): Քորէական պատերազմին, ամերիկեան օդուժին իբրեւ երկրորդ փոխանորդ պաշտօնավարելէ ետք, աւարտած է համալսարանական ուսումը, որմէ ետք աւելի քան 30 տարիներ դասախօսած է հռչակաւոր համալսարաններու մէջ: Ան հեղինակն է ուսողութեան 26 ուսումնասիրութիւններու: Խորհրդատու եղած է զանազան ընկերութիւններու, ինչպէս՝ «Pan American Airlines»ի:
Ան նաեւ աւելի քան 70 տարի առաջ սկսած է երգել դպրաց դասին մէջ, ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ երկար տարիներ ծառայած է Ս. սեղանին: Եղած է նաեւ Ծխական ժողովի ատենապետ Փէթըրսընի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ, ու 1970-1979 ծառայած է իբրեւ հոգատար Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարին: Անոր ջանքերով, Նիւ Եորքի Ուէսչէսթըր գաւառին մէջ կարելի եղած է մէջտեղ բերել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Աւելի ուշ, ան ընտանեօք Սան Տիէկօ փոխադրուած է եւ երկու տարի ետք ընտրուած տեղւոյն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամ՝ նպաստելով ծուխի նիւթական վիճակի բարելաւման:
2004ին, ի պատիւ մեծ աստղ Իզապէլ Պայրաքտարեանի, Հաչիկեանի ջանքերով Սան Տիէկոյի օփերան իրականացուց «Հայկական գիշեր» մը, որ հասութաբեր մշակութային ձեռնարկ մըն էր հայկական բարեսիրական զանազան կազմակերպութիւններու համար:
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարեխօսութեամբ, 2006ին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Ճէք Հաչիկեանը: