ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 25ին հաղորդեց, թէ այս տարուան առաջին եռամսեակին տնտեսութեան նահանջը 5.5 տոկոս եղած է, ինչ որ նախապէս հրապարակուած 5.7 տոկոսէն աւելի լաւ է: Սակայն, այս տուեալը ցոյց կու տայ, թէ վերջին երկու եռամսեակներուն, տնտեսութիւնը յաջորդաբար 6.3 եւ 5.5 առ հարիւրով նահանջած է, ինչ որ 1930ականներու տնտեսական անկումէն ետք յաջորդական երկու ամենավատ եռամսեականները կը դարձնեն 2008ի վերջին եւ 2009 առաջին եռամսեակները:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ անգործութեան ապահովագրութեան օժանդակութեան առաջին անգամ ըլլալով դիմում կատարողներուն թիւը աճած է՝ հասնելով 627,000ի, իսկ նման օժանդակութիւններ ստացողներուն ընդհանուր թիւը բարձրացած 6.74 միլիոնի: