ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Պաղտատի շուկաներէն մէկուն մէջ առնուազն 78 զոհ պատճառած ականի մը պայթումէն մէկ օր ետք, Իրաքի ոստիկանութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 25ին հաղորդեց, որ արեւմտեան Իրաքի Ֆալուժա քաղաքին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով 5 իրաքցի ոստիկաններ սպաննուած են։
Հինգշաբթի օր Պաղտատի տարածքին տեղի ունեցած քանի մը այլ յարձակումներ խլեցին 9 յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորեցին քանի մը տասնեակ ուրիշներ:
Նմանօրինակ յարձակումներ կասկածի տակ առած են 30 Յունիսին ակնկալուող ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք՝ ապահովական կացութիւնը վերահսկելու իրաքեան ապահովական ուժերուն կարողութիւնը։