ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ 2008-2009 կրթական տարեշրջանի իր վերջին աշխատանիստը կազմակերպած է Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի ուսուցիչներուն համար, յաջորդական երկու Շաբաթ օրերու ընթացքին:
Երկօրեայ այս քննարկումներուն ընթացքին, կրթաշրջանի ուսուցիչները առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայկական Ցեղասպանութեան մանրամասնութեանց ու զայն դասաւանդելու միջոցներուն:
Աշխատանիստերէն մէկուն ընթացքին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագրի խորհրդակցական մարմինին մաս կազմող եւ Կլէնտէյլ քաղաքի համալսարանի դասախօս դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան, ուսուցիչներուն ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութան պատմականն ու անոր դրդապատճառները:
Նաեւ, Փասատինայի կրթաշրջանէն Սուզան Պէրպէրեան, որ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագրի կամաւոր օգնականներէն մէկն է, խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական դպրոցներուն մէջ ամերիկահայ ինքնութեան մասին:
Ուսուցիչները նաեւ մասնակցեցան «Facing History and Ourselves»ի կողմէ կազմակերպուած կարծիքներու փոխանակման նիստի մը, որ նուիրուած էր «Ինքնութիւն եւ ցեղասպանութիւն» նիւթին:
Այլ խորհրդակցութիւններու ընթացքին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագրի կրթական հարցերու վարիչ Սարա Քոհըն խօսեցաւ 1915էն առաջ հայութեան վիճակին, Ցեղասպանութեան ուրացման աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը աւելի ազդու կերպով դասաւանդելու կարելիութիւններուն մասին:
Դասախօսութիւն մը ներկայացուց նաեւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի Պատմութեան եւ ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի երկրորդական վարժարաններու օժանդակ մարմինի վարիչ Հըրմըն Քլէյը:
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի ներկայացուցիչները մասնակցած են նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած ու Ողջակիզման կեդրոնին Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան աշխատաժողովին:
Յայտնենք, թէ Սարա Քոհըն, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու շարաւիղներէն է, այս տարի նշանակուած էր Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագրի կրթական հարցերու վարիչ: Ան ցեղասպանութեանց ուսուցման մարզի մասնագէտ մըն է, մրցանակակիր ուսուցիչ մըն է, որ աշխատած է մարդկային իրաւանց պաշտպան տարբեր կազմակերպութեանց հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.