Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ղըպտի ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցիներու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջնորդները Երեքշաբթի, 30 Յունիսին ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միացեալ ծրագիրներ ու գործակցութեան նախագիծեր։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ղըպտիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Նորթրիճ, հիւրընկալութեամբ Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսի։
Ժողովականները աշխատանքներու սկսելէ առաջ, թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ հոգեւորականները միացեալ աղօթքի պահ մը ունեցան՝ իւրաքանչիւրը երգելով ու աղօթելով իր լեզուով։
Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանային Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակի զոյգ վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Ժողովը զեկուցում լսեց երեք եկեղեցիներու երիտասարդական խմբակներու համագումարին մասին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Յունիս 2009ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարկին տակ, հովանաւորութեամբ խորհուրդի անդամ երեք եկեղեցիներու թեմակալ առաջնորդներուն։ Նաեւ զեկուցուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ապագայ ծրագրին մասին, ընդ որում յառաջիկայ Նոյեմբեր 21ին տեղի պիտի ունենայ Միջ-համայնքային Կիրակնօրեայ վարժարաններու միօրեայ հաւաք, ասորիներու Ս. Եփրեմ առաջնորդարանիստ Մայր տաճարին մէջ, Պըրպէնք։
Ժողովը նաեւ որոշեց յաւելեալ մղում տալ երիտասարդական խմբակներու գործունէութեան։ Որոշուեցաւ այս տարի եւս կատարել համատեղ Ս. պատարագ, որ տեղի պիտի ունենայ Ղըպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 24ին։
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որմէ ետք յիշատակի նկար մը առնուեցաւ։