ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2009ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Հայ այնթապցիներու եւ Թէքէեան մշակութային միութիւններուն, տեղի ունեցաւ գինեձօն՝ նուիրուած պէյրութաբնակ Արմէն Յարութիւնեանի հեղինակած «Նամակներ Պէյրութէն Ա.» նոր լոյս ընծայուած հատորին:
Հիղինակին, իր տիկնոջ եւ Հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան պատուոյ նախագահ Երուանդ Պապայեանի կողքին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, գրողներ ու մտաւորականներ, աւելի քան 150 միութենականներ եւ այնթապցի հայրենակիցներ, հիւրեր եւ բարեկամներ:
Բացման ողջոյնի իր խօսքին մէջ միութեան ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Թագուհի Արզումանեանը ձեռնարկը վարելու: Իր կարգին, հանդիսավար Թագուհի Արզումանեան բարի գալուստի իր բաժինով նախ մէջբերում մը կատարեց Գէորգ Էմինի «Զարմանալի Հայ» բանաստեղծութենէն եւ ապա շեշտը դրաւ հայ ազգային դիմագիծը պահպանելու մեր գերագոյն ճիգերուն վրայ:
«Մեզանից ո՞վ չգիտէ մեր ժողովրդի պատմութիւնը, մենք ապրելու համար ուժ ենք հաւաքել՝ մաքառելու հողմերի ու արհաւիրքների դէմ եւ հրեղէն հաւքի պէս վեր ենք խոյացել մոխիրներից», ըսաւ ան:
Հանդիսավար Արզումանեան շեշտեց նաեւ այսօրուան հայուն ուսերուն վրայ դրուած մեծ պարտականութիւնը՝ իր գոյատեւման ի խնդիր: Անդրադառնալով Արմէն Յարութիւնեանի գրական վաստակին ու յատկապէս նամակներուն՝ ան վեր առաւ այդ գրութիւններէն արտացոլող հեղինակին ստեղծագործական ոգին:
Իբրեւ օրուան գրադատող եւ հատորը ներկայացնող, Վաչէ Սէմէրճեան նախ պարզեց, թէ 2008ին լոյս ընծայուած «Նամակներ Պէյրութէն Ա.» հատորը, կը բովանդակէ թիւով հարիւր նամակներ՝ նախկին հալէպահայ, այժմ պէյրութաբնակ առեւտրական Ամէն Յարութիւնեանի հայ մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած աւելի քան 300 նամակներէն, որոնք շնորհակալ վաստակն են «նամակագիր» հեղինակին կեանքին:
«Հարիւր նամակները սկսած են գրուիլ Պէյրութի մէջ 1996ին, իսկ նամակագիր կոչումը պատահական է», շարունակեց Սէմէրճեան ու կարդաց այս առթիւ նամակ թիւ 4ը:
«Ամէն Յարութիւնեան անմիջական է իր նկատողութիւններուն, քննադատութիւններուն եւ բերած օրինակներուն մէջ. արագ, հպանցիկ բայց հատու ոճով մը կը բացուի, կը պարզաբանէ եւ կը զարգացնէ իր միտքերը այս նամակներուն մէջ», ըսաւ Սէմէրճեան, որ աւելցուց նաեւ, թէ ընտանեկան եւ հասարակական կեանքին մէջ հայկական որոշ պահպանողութեան տէր այս հեղինակը յաճախ դիմած է իր անցեալին՝ ոգեկոչելով իր ուսուցիչները՝ Պալապան Խոճան, Գրիգոր Պօղարեանը եւ ուրիշներ:
Անդրադառնալով նամակներուն՝ Սէմէրճեան աւելցուց նաեւ, թէ անոնք մեր հասարակական կեանքի թերութիւնները սրբագրուած տեսնելու մղում մը ունին: Հեղինակը իր պրիսմակին տակ առած է այսօրուան հիւծած հայ դպրոցը, երկփեղուած հայ եկեղեցին, ծէսերն ու հոգեւորակններու ակնառու թերութիւնները, անտարբերութիւնները եւ իր ուսուցիչներուն կենցաղային սկզբունքները:
Իր ըրած մատնանշումները առաւել շեշտաւորելու եւ միաժամանակ հեղինակին գրական ճաշակը ցոյց տալու համար, Բարսեղ Գարթալեան ընթերցեց հատորէն նամակ թիւ 4ն ու 71ը:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Սէմէրճեան պարզեց նաեւ, թէ հեղինակը հայ քաղաքական կուսակցութեան մը չէ պատկանած եւ սակայն ծառայած է եկեղեցիին, հայրենիքին եւ իր պատկանած հայրենակցական միութեան՝ անսակարկօրէն:
«Հիմա, երբ կը կարդամ այս հատորին մէջ տեղ գտած հարիւր նամակները, կ՛անդրադառնամ, թէ պէյրութեան խմբագիրները իրապէս չէին կրնար հիւրընկալել զինք երկար ատեն, պարզապէս որովհետեւ իր գրութիւններուն մէջ ցայտող երգիծանքը սուր քննադատութիւններ ըլլալով հանդերձ, զուարթ ընթերցումի եւ հաճելի ոճով հրամցուած նկատողութիւններ ալ էին, որոնք ուղղուած էին Լիբանանի հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն, կղերական դասուն, հասարակական կեանքին մէջ պաշտօն ստանձնած անհատներու, հայ գիրքի հանդէպ տարածուած անտարբերութեան, ուսուցիչներու լքեալ վիճակին եւ վերջապէս՝ մեր բոլոր թերութիւններուն եւ բացթողումներուն, որոնք ըստ իրեն, սրբագրելի են բայց լքուած են իրենց ճակատագրին:
«Իր մօտ երգիծանքը ծրագրուած չէ, այլ բնական սահանքով մը կը մտնէ ընթերցողին տրամաբանութեան մէջ եւ յարուցած հարցերուն ընդմէջէն բացայայտ երեւան կը բերէ Յարութիւնեանի սրտակցութիւնը, նոյն այդ հարցերուն նկատմամբ»: Իր խօսքի աւարտին, Սէմէրճեան փափաք յայտնեց, որ Յարութիւնեան շարունակէ իր գրիչին հոսքը եւ ամփոփէ իր նամակները հատորներու մէջ:
Աւարտին Սէմէրճեան շեշտեց. «Սփիւռքահայ խմբագիրները առանց վրդովելու պէտք է կարդան այս նամակները՝ որդեգրելով Յարութիւնեանի սրամիտ ու քննադատական ոգին, ու գէթ սորվին հանդուրժել նամակներուն մէջ յայտնուած Յութիւնեանական արժէքաւոր այս կարողութեան»:
Տօնակատարութեան փակման բաժինով, սրտի յատուկ խօսքերով եւ հանդիսաւոր կերպով ելոյթ ունեցաւ վաստակաշատ հայ մտքի մեծ մշակ եւ Հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան պատուոյ նախագահ Երուանդ Պապայեան, որ ջատագովելով օրուան հեղինակը՝ ըսաւ. «Արմէն Յարութիւնեան արժանաւոր զաւակն է Յարութիւնեան եւ Մուրատեան ընտանիքներուն: Ան օժտուած է իր հօրը եկեղեցասիրութեամբ եւ բարեգործութեամբ, եւ իր անունը կրող մօրեղեբօրը գրելու յատկութեամբ: Այս երեք յատկութիւնները Արմէն զարգացուց իմաստութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ու հասաւ այսօրուան յաջողութիւններուն:
Իբրեւ ազգային ծառայասիրութեան մեծագոյն օրինակ, Պապայեան ծանրացաւ նաեւ հեղինակին հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած անհուն գուրգուրանքին եւ մեծ ու օրինակելի բարերարութեան, 34 հատորներու մեկենասութեան եւ անսահաման նուիրատութիւններուն վրայ, որոնց իբրեւ արդիւնք, Վազգէն Ա. հայրապետ անոր շնորհած էր յատուկ Կոնդակ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը, իսկ իր սիրելի կնոջ՝ Միմի Յարութիւնեանին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը:
Ապա բեմ հրաւիրելով Այնթայպցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Նազարեանը՝ հեղինակին յանձնուեցաւ այս առթիւ յատուկ գնահատագիր մը:
Աւանդական գինեձօնի արարողութենէն ետք, որուն մասնակից դարձան ներկայ գտնուող միութենականներն ու մտաւորականները, իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ինքն՝ հեղինակը, որ ընդհանրապէս իր սրամիտ խօսքերով եւ յատուկ «հիւմուրով» արտայայտուեցաւ: Այսպէս, ան շեշտեց, թէ ինք «համակարգիչ ըսուած սատանային հետ դաշինք չէ կնքած» ու աւելցուց նաեւ, թէ՝ «Իմ նամակներուս մէջ հայերէն սուղնոց բառեր չեմ գործածեր»:
Իր պատմելու եւ դրսեւորելու հաճելի, պատրաստամիտ ու երգիծախառն խօսքերէն ետք հեղինակ Յարութիւնեան յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ձեռնարկը կազմակերպող միութիններուն եւ անոնց պատասխանատուներուն, իր այնթէպցի ընկերներուն եւ դասընկերներուն, ապա՝ իր կողակիցին:
Ձեռնարկի գեղարուսետական բաժինը ճոխացաւ հանդիսավար Արզումանեանի ասմունքով, Գէորգ Քէօշկէրեանի կողմէ հեղինակին այս հատորէն թիւ 71-59 նամակներու գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ընթերցումներով, դաշնակի վրայ փրոֆ. Լեւոն Աբարահամեանի կողմէ Պապաճանեանի եւ Շոփէնի կարգ մը ստեղծագործութիւններու կատարումով:
Ընթերցուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ժուրնալիստների միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի ուղարկած շնորհաւորական նամակը՝ ուղղուած հեղինակ Յարութիւնեանի:
Աւարտին, ներկաները հեղինակին աւելի մօտէն ծանօթանալու առիթ ունեցան: Իր կարգին, Արմէն Յարութիւնեան մակագրեց իր հատորները: