ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը յայտնելով, որ «Նապուքօ» կազատարի ծրագիրի միջկառավարական համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի Անգարայի մէջ, Յուլիս 13ին։ Նոյն թուականին վեհաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ բնական կազ արտադրող, սպառող եւ տարանցիկ երկիրներու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութեան չորրորդ երակը ըլլալու Թուրքիոյ նպատակին։ Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ համաձայնութիւնը նաեւ Եւրոպական միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութեան մէջ փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան նոր ձեւաչափ պիտի ստեղծէ։
Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Հունգարիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ այս նպատակով բանակցութիւնները սկսած էին Յունուար 2009ին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու անցեալ շաբաթ յայտնած էր, թէ Թուրքիա պատրաստ է ուժանիւթի ծրագիրներուն մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցելու։ «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան դիմաց որեւէ արգելք չկայ։ Որոշեցինք իւրաքանչիւր ծրագիրի, մանաւանդ այլընտրանքային ուժանիւթի ծրագիրներուն գնահատական մը տալ։
Թուրքիա կրնայ մասնակցիլ ռուսական կազը Սեւ ծովու ճամբով Պուլկարիա, Իտալիա եւ Աւստրիա հասցնելու ծրագրի իրականացման։ Կը նախատեսուի, որ անոր կառուցման աշխատանքները աւարտին 2015ին։
Սակայն, Տաւութօղլու նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համար «Նապուքօ»ն առաջնահերթութիւն կը մնայ: «Անիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի։ Կը հաւատամ, որ Եւրոպայի ուժանիւթի մարզին մէջ լուրջ ներդրումներ պիտի ունենայ», ըսաւ ան: