Փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ ամերիկեան առանց օդաչուի օդանաւ մը Երեքշաբթի օր Աֆղանիստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող թալեպաններու մէկ ամրոցին դէմ հրթիռ մը արձակած է՝ սպաննելով 14 զինեալներ։ Պաշտօնատարը յայտնեց, որ 14 զոհերուն շարքին են չորս կամ հինգ օտարներ:
Յարձակումը տեղի ունեցած էր մինչ փաքիստանեան ուժեր կը պատրաստուէին նոյն դիրքին վրայ յարձակումի մը:
Փաքիստան պաշտօնապէս կը մերժէ իր հողամասերուն վրայ ամերիկեան առանց օդաչուի օդանաւերու հարուածները, յայտնելով, որ անոնք կը բռնաբարեն իր գերիշխանութիւնը եւ հասարակութեան մէջ զայրոյթ յառաջացնելով, միաժամանակ թիրախ դարձող զինեալներուն զօրակցութիւն յառաջացնելով՝ կ՛ականահարեն զինեալներու դէմ պայքարելու Իսլամապատի ջանքերը։