ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ աշխատանք կը տանի թերահաւատ Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն նոր ձեւ տալու, Երեքշաբթի, Յուլիս 7ին յայտնեց, թէ երկու երկիրներու «ճակատագիրը հակառակորդներ ըլլալ չէ»։
Օպամա Մոկսուայի մէջ տնտեսական դպրոցի մը շրջանավարտներուն առջեւ խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ «Իշխանութեան հետապնդումը այլեւս խաղ մը չէ, ուր եթէ շահողը դուն ըլլաս՝ անպայման կորսնցնողը ես կ՛ըլլամ։ Յառաջդիմութիւնը պէտք է բաժնեկցուի»։
Օպամա իր ճառը օգտագործեց սահմանելու համար աշխարհի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքին վերաբերեալ իր տեսակէտը, եւ մասնաւորաբար յայտնելու, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ հասարակաց շահեր ունի։ «Թող որ յստակ կերպով ըսեմ. Ամերիկան ուժեղ, խաղաղ եւ բարգաւաճ Ռուսիա մը կ՛ուզէ», յայտարարեց ան։
Օպամա պաշտպանեց Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ կողմէ ՆԱԹՕի մաս կազմելու գծով առնուած քայլերը, աւելցնելով, որ «ՆԱԹՕ եւս Ռուսիոյ հետ գործակցութեան կը ձգտի»։ Ան նաեւ կրկնեց, թէ նեցուկ կը կանգնի Վրաստանի հողային ամբողջականութեան:
Օպամա Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ նաեւ ունեցաւ հանդիպում մը, որ ծրագրուածէն կէս ժամ աւելի երկարելով երկու ժամ տեւեց:
Օպամա Փութինի յայտնած է, թէ մէկ օր առաջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ «հոյակապ քննարկումներ ունեցած է», սակայն նաեւ աւելցուցած է, որ «Ամէն հարցի վրայ կրնանք չհամաձայնիլ»։ Օպաման միաժամանակ խոստացած է հաշուի առնել Ռուսիոյ շահերը նախկին խորհրդային տարածքին մէջ:
Օպամա նաեւ հանդիպում ունեցաւ Խորհրդային միութեան վերջին ղեկավար Միխայէլ Կորպաչեւի հետ։