ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Յուլիս 8ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման մանդատը ունեցող՝ Մինսկի խումբի ամերիկեան համանախագահ Մեթիւ Պրայզան՝ մեկնաբանելով ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկատւութիւնը, ըստ որուն ինք պիտի նշանակուի Ատրպեճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան, յայտնած է՝ «Ես տակաւին ոչ մէկ պաշտօնի վրայ չեմ նշանակուած, բացի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ ըլլալէ»:
Ըստ Պրայզայի նման տարաձայնութիւններ միշտ ալ եղած են. «Ես յաճախ կը կարդամ, որ ինծի եւրոպական երկրի մը մէջ դեսպան նշանակած են, այդ ամէնը շատ հետաքրքրական է, բայց նախագահը ինծի տակաւին որեւէ պաշտօնի վրայ չէ հաստատած: Ես չեմ գիտէր, թէ ինչ պիտի ըլլայ յետոյ, բայց Պէտական քարտուղար Քլինթընը ինծի բազմաթիցս յայտնած է, որ իմ ամենակարեւոր խնդիրը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումն է, նաեւ, որ ես հնարաորինս շատ աշխատիմ այս տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս Պեռնարը եւ Իւրին: Ես հիմա միայն այդ մասին կը մտածեմ»,- ըսած է Մ.Պրայզան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.