ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Չորեքշաբթի օր, Մինսկի խումբի համանախագահներու տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեակով յայտարարած է, որ Ղարաբաղը պէտք է դառնայ ԼՂ խնդրի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններու մասնակից: Մերզլեակով միաժամանակ ընդգծած է, որ համանախագահները երբեւիցէ չեն թաքցուցած այդ հարցի վերաբերեալ իրենց ունեցած դիրքորոշումը:
«Փանորամա» լրատուական ծառայութեան հաղորդումով, Մերզլեաքով ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ «Նման մասնակցութիւն պէտք է լինի, եւ մենք ակնկալում ենք, որ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքների շուրջ համաձայնութեան գալու պարագայում դրանց հիման վրայ կը սկսուի համաձայնագրի տեքստի մշակումը, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը մասնակցեն այդ գործընթացին այն ձեւաչափով, որի շուրջ կողմերը համաձայնութեան կը գան: Մանաւանդ, որ ապագայ համաձայնագրի կէտերի կէսը նրանց կեանքին է վերաբերելու»:
Երեւանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն նշած է, որ իրենց ծրագրով նախատեսուած ԼՂՀ այցելութիւնը տեղի չէ ունեցած միայն եղանակի պատճառով:
Դարձեալ «Փանորամա»յի համաձայն, Ֆասիէ Արցախ չմեկնելու հարցին անդրադառնալով յայտնած է, որ «ես տեսայ, որ ձեզանից ոմանք ժպտում են: Բայց իզուր են ժպտում, սխալւում են: Կոչ եմ անում զանգել պարոն Սահակեանին ու հարցնել մեր խօսակցութեան մասին»: Ֆասիէն աւելցուցած է, որ յաջորդ անգամ աւելի երկար ժամանակ կը նախատեսեն այցի համար, որպէսզի եղանակային նման պայմաններու պարագային ցամաքային ճանապարհով կարողանան հասնիլ Արցախ:
Համանխագահները, որոնք այսօր կը մեկնին Պաքու, ասուլի ընթացքին եւս մէկ անգամ հաստատած են, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ` ներառելով երեք հիմնարար իրաւունքները` ուժի չկիրառում, ազգերու ինքնորոշում ու տարածքային ամբողջականութիւն:
Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւններու գնահատականի մասին հարցին, համանախագահները առաջընթաց նկատած են այն յայտարարութիւնը, որ Ղարաբաղի մէջ հայերը կրնան անվտանգ ապրիլ:
Ըստ Մաթեու Պրայզայի, Ալիեւ հիմա կը խօսի կարգաւորման ընդհանուր շրջանակէն՝ քանի փոքր մանրուքներ բացայայտելով կագաւորման գործընթացէն:
Մերզլեակովն իր հերթին յայտնած է, որ, Ատրպէյճանի նախագահը խօսած է իր երազածի մասին:
«Միամիտ կը լինէր հաւատալ այն բանին, որ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարէր, թէ երազում է, որ Ղարաբաղը անկախ լինի», յայտնած է ռուս միջնորդը:
Ֆասիէն յայտնած է, որ հրապարակային յայտարարութիւնները միշտ չեն համընկնիր բանակցութիւններու էութեան հետ:
«Մենք միջնորդներ չենք դեկլարացիաների (յայտարարութիւններու-Խմբ.) միջեւ, այլ նախագահների: Դա բոլորովին այլ բան է», նշած է Ֆասիէն:
Ֆրանսացի համանախագահը նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ տուած է Մատրիտեան սկզբունքներու մասին: Ըստ անոր մատրիտեան առաջարկները բաղկացած են 15 կէտերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի շուրջ պէտք է տեղի ունենայ քննարկում: Ներկայ հանգրուանին կը քննարկուին 2-3 կէտեր:
«Մենք յոյս ունենք, որ նախագահները Յուլիսին այդ կէտերը կը համաձայնեցնեն, կ’ամփոփեն եւ նոր թեմա կը բացեն բանակցութեան համար» յայտնած է Ֆասիէ:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 8ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեակովին (Ռուսաստան), Պեռնար Ֆասիէին (Ֆրանսիայ), Մեթիւ Պրայզային (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփրչիկին: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ Հայաստանի ու Ատրպեճանի նախագահներուն առաջիկայ հանդիպման նախապատրաստման առնչուող հարցեր:
Անդրադառնալով Մինսկի խումբի ծիրէն ներս իրականացուող բանակցութիւններու ձեւաչափին` Է. Նալբանդեանը նշած է բանակցային գործընթացին մէջ արցախեան կողմի լիակատար մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ խաղաղ գործընթացի արդիւնաւէտութեան երաշխիք:
Հանդիպումէն յետոյ, լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպեճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարաթիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղին Ազրպեճանի կազմին մէջ ինքնավարութիւն տալու մասին` Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը Ատրպեճանի արտաքին գործոց նախարարի որոշելիքը չէ, այդ հարցի որոշման իրաւունքը կը պատկանի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.