ՏԻԹՐՈՅԻԹ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Յուլիս 10ին, երկար տարիներով աշխարհի թիւ մէկ ինքնաշարժի ընկերութիւնը հանդիսացած, սակայն վերջին տարիներուն լուրջ տագնապներ դիմագրաւած ամերիկեան «Ճի.Էմ.» ընկերութիւնը ակնկալուածէն շատ աւելի արագ դուրս եկաւ սնանկացման հսկողութենէն, իբրեւ զգալիօրէն տարբեր ընկերութիւն մը: Նոր «Ճի.Էմ.»ը, որ միայն 40 օր առաջ սնանկութիւն հռչակած էր, պիտի ըլլայ շատ աւելի փոքր ընկերութիւն մը՝ ծախած ըլլալով իր պիտակներուն մէկ մասը: Ընկերութիւնը միչեւ տարեվերջ 20 տոկոսով եւս պիտի կրճատէ իր աշխատաւորական անձնակազմը, իսկ վարչական կազմը՝ 35 տոկոսով:
Յայտնենք, թէ ներկայիս ընկերութեան բաժնետոմսերուն 61 տոկոսը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, իսկ 11.7 տոկոսը՝ Քանատայի: Անոնց 17.5 տոկոսը կը պատկանի Ինքնաշարժներու աշխատաւորներու միութեան (UAW): Ընկերութիւնը կը յուսայ 2015ի պայմանաժամէն առաջ վճարել ամերիկեան պետութենէն վերցուցած իր 50 միլիառ տոլարի պարտքը՝ վերատիրանալով իր անկախութեան: