ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետի աւագ խորհրդական Ուզի Արատ Ուրբաթ, Յուլիս 10ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ կը մերժէ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը կնքելու նպատակով՝ սուրիական հիմնական պահանջը, պնդելով, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ հետ խաղաղութեան հաստատման համար Կոլանի բարձունքէն պիտի չհեռանայ։ Ըստ անոր, երկու երկիրները կրնան բռնագրաւեալ հողատարածքը բաժնեկցիլ։ Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Նեթանիահուի ամենամօտիկ խորհրդականը նկատուող Արատ յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է մնայ Կոլանի բարձունքներուն վրայ, եւ թէ խաղաղութեան փոխարէն՝ ամբողջական կերպով ան չի կրնար հեռանալ հոնկէ։
Իսրայէլ Կոլանի բարձունքները գրաւեց 1967ին, իսկ 1981ին զայն կցեց իր հողամասին, քայլ մը, որ միջազգայնօրէն երբեք չէ ճանչցուած։
Արատ ըսաւ, որ Իսրայէլ Կոլանին պէտք ունի «ռազմավարական, զինուորական եւ բնակեցման պատճառներով, ինչպէս նաեւ ջուրի, հողատարածքի եւ գինիի համար»։ Ան միաժամանակ սուրիացիներուն կոչ ուղղեց շարունակելու Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները, առանց նախապայմանի։ Նեթանիահուի իշխանութեան գալէն ի վեր, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները եւս սառեցուած են։ Միացեալ Նահանգներու ճնշումին տակ, Նեթանիահու ընդունեց պաղեստինեան պետութեան մը գաղափարը, բան մը, որ շարունակ կը մերժէր: Արատ ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն «աւելի վատ» ղեկավարներ կրնան ըլլալ, «սակայն նոյնիսկ անոր մօտ Իսրայէլի հետ տագնապին աւարտին հասնելու իսկական հետաքրքրութիւն մը եւ փափաք մը չեմ տեսներ», աւելցուց ան։