ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պետական «Սոքար» քարիւղի ընկերութիւնը այս տարուան առաջին կիսամեակին Պաքու-Նովոռոսիսք քարիւղատարով արտածած է շուրջ 1.23 միլիոն թոն քարիւղ, մինչ 2008ի նոյն ժամանակահատուածին այդ արտածումներու ծաւալը 698.5 հազար թոն էր: Ըստ ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, միայն Մայիսին արտածուած է աւելի քան 170.5 հազար թոն քարիւղ:
Ընկերութիւնը մտադիր է այս տարուան ընդհանուր արտածումները հասցնել մինչեւ 2.5 միլիոն թոնի՝ 2008ի 1.3 միլիոն թոնին փոխարէն: 2007ին այս քարիւղատարով Ատրպէյճան արտածած էր 1.2 միլիոն թոն քարիւղ, իսկ 2005ին՝ 1.6 միլիոն թոն: