ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի ազգային ապահովութեան խորհրդական Զպիկնիւ Պրզեզինսքի յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութեանց մէջ նոր իրադարձութիւններ կրնան արձանագրուիլ: «Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներուն Մոսկուայի հանդիպումին իրողութիւնը ոչ միայն այս հարցին միջազգային նշանակութիւնը բարձրացուց, այլ նաեւ տագնապին առնչակից կողմերուն հաւատքը զօրացուց։ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսպիսի հանդիպումները շրջանին մէջ նոր առիթներ կ՛ընծայեն», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակի արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամատով կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ Թուրքիոյ կեցուածքը Ատրպէյճանի համար յոյժ կարեւոր է։ Մամատով Յուլիս 10ին, Ատրպէյճանի իշխող Նոր Ատրպէյճան կուսակցութեան պաշտօնական համացանցային կայքի լրագրողին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք կը զօրակցինք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն։ Այլ երկիրներ եւս շրջանին մէջ Թուրքիոյ կարեւորութեան կը գիտակցին»։